Ռումնաիա. Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութիւնը Տիրամօր Նուիրուած «Շումուլէու Չիուք» սրբավայր։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան:
Շաբաթ, 1 յունիս 2019-ին, Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, վաղ առաւօտեան , Պուխարեսթի պապական նուիրակի պալատէն Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ օդակայան: Մէկ ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք Նորին
Սրբութեան փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Թարկու Մուրկէսն օդակայան ապա ՝ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Տիրամօր նուիրուած Շոմուլէու Չիուք սրբավայր:
Տիրամօր յիշեալ սրբավայրը կը գտնուի Միերքուրէս Չիուչ քաղաքին մէջ :Սրբավայրը պատմական նպատակավայր է Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներուն Հունագարախօս կաթողիկէ հաւատացեալներուն:
Տիրամօր Սրբավայրի կառոյցը գտնուի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան վանքէն ներս, կրելով փոքրիկ Պազիլիքա անունը:
Սրբավայրի եկեղեցին նախապէս կառուցուած է 1442-1448 թուականներուն, կործանուած այլ պաշտամունք վայրի մը վրայ որ կառուցուած էր 1352-ին, Սոմլիօ լերան ստորոտը:
Այժմեան սրբավայրին կառուցման աշխատանքները վերջ գտած են 1802-1824:
Եկեղցիէն ներս զետեղուած է փայտէ թանկարժէք Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը՝ իրականացուած 1515-1520 թուականներուն եւ որ 1661-ին, հրաշքով վերապրուած եւ փրկուած է եկեղեցիէն ներս բռնկուած հրթիրէ մը:
Տարեկան Սրբավայրի ուխտագնացութեան օրը աւանդութեան համաձայնը կը զուգադիպի Պենտեկոստէի տօն օրը:
Տիրամօր սրբավայրը կը պատկանի Ալպա Իուլիա անուան թեմին, հիմնուած 1009-ին Հունգարիոյ թաւագաւոր, Սուրբ Ստեփանսի օրով:
Յայտնենք թէ, Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր Սրբավայրին կը նուիրէ ոսկիէ վարդ մը, ի յիշատակ Սուրբ Կոյս Մարիամին:
Նորին Սրբութիւնը սրբավայրի եկեղեցիէն ներս կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին իր սրտի խօսքը կը փոխանցէ հաւատացեալներուն: Պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով կը փոխադրուի թեմի պատկանող Ժաքապ Անթալ կեդրոն ՝ճաշի փոքրիկ դադար կատարելու համար, կեդրոնի ղեկաւարներուն եւ կարգ մը համագործակիցներուն ներկայութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ