Շումուլէու Չիուչ սրբավայրը Շումուլէու Չիուչ սրբավայրը  

Ռումնաիա. Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութիւնը Տիրամօր Նուիրուած «Շումուլէու Չիուք» սրբավայր։

Եկեղցիէն ներս զետեղուած է փայտէ թանկարժէք Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը՝ իրականացուած 1515-1520 թուականներուն եւ որ 1661-ին, հրաշքով փրկուած է եկեղեցիէն ներս բռնկուած հրթիրէ մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան:

Շաբաթ, 1 յունիս 2019-ին, Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, վաղ առաւօտեան , Պուխարեսթի պապական նուիրակի պալատէն Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ օդակայան: Մէկ ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք Նորին

Սրբութեան փոխադրող օդանաւը վայրէջք  կատարեց Թարկու Մուրկէսն օդակայան ապա ՝ինքնաշարժով  փոխադրուեցաւ Տիրամօր նուիրուած Շոմուլէու Չիուք սրբավայր:

Տիրամօր յիշեալ սրբավայրը կը գտնուի Միերքուրէս Չիուչ քաղաքին մէջ :Սրբավայրը պատմական նպատակավայր է Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներուն Հունագարախօս կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Տիրամօր Սրբավայրի կառոյցը գտնուի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան վանքէն ներս, կրելով փոքրիկ Պազիլիքա անունը:
Սրբավայրի եկեղեցին նախապէս կառուցուած է 1442-1448 թուականներուն, կործանուած այլ պաշտամունք վայրի մը վրայ որ կառուցուած էր 1352-ին, Սոմլիօ լերան ստորոտը:

Այժմեան սրբավայրին կառուցման աշխատանքները վերջ գտած են 1802-1824:
Եկեղցիէն ներս զետեղուած է փայտէ թանկարժէք Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը՝ իրականացուած 1515-1520 թուականներուն եւ որ 1661-ին, հրաշքով վերապրուած եւ փրկուած է եկեղեցիէն ներս բռնկուած հրթիրէ մը:

Տարեկան Սրբավայրի ուխտագնացութեան օրը աւանդութեան համաձայնը կը զուգադիպի Պենտեկոստէի տօն օրը:
Տիրամօր սրբավայրը կը պատկանի Ալպա Իուլիա անուան թեմին, հիմնուած 1009-ին Հունգարիոյ թաւագաւոր, Սուրբ Ստեփանսի օրով:

Յայտնենք թէ, Ֆրանչիսկոս Պապ  Տիրամօր Սրբավայրին կը նուիրէ ոսկիէ վարդ մը, ի յիշատակ Սուրբ Կոյս Մարիամին:

Նորին Սրբութիւնը սրբավայրի եկեղեցիէն ներս կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին իր  սրտի խօսքը կը փոխանցէ հաւատացեալներուն:  Պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով կը փոխադրուի    թեմի պատկանող Ժաքապ Անթալ կեդրոն ՝ճաշի  փոքրիկ դադար կատարելու համար,  կեդրոնի ղեկաւարներուն եւ կարգ մը համագործակիցներուն ներկայութեամբ:      


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2019, 09:34