Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը միւռոնի օրհնութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց միւռոնի օրհնութեան սուրբ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը՝ ուր կը խօսուի, Երուսաղեմի տաճարին մէջ, մեծ ամբոխի մը ներկայութեամբ, Յիսուս Եսայի մարգարէի գիրքէն հատուած մը կարդայ:
Խօսքը կեդրոնացնելով տաճարին մէջ գտնուող մեծ ամբոխին վրայ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Տաճարը լեցուն էր ազգականներով, ծանօթներով, բարեկամներով: Բոլորին աչքերը սեւեռած էին Յիսուսին վրայ: Այսօր եւս եկեղեցին իր աչքերը սեւեռած կը պահէ Յիսուսին վրայ, օծեալը զոր Սուրբ Հոգին ուղարկեց՝ Աստուծոյ ժողովուրդը օծելու համար:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:
Ան ապա շեշտը դրաւ Յիսուսի ժողովուրդին հետ ունեցած սերտ յարաբերութեան վրայ նկատել տալով, որ այդ Ժողովուրդը կազմուած է հիւանդներէ, աղքատներէ, մեղաւորներէ, դեւէ բռնուած մարդոցմէ: (Յովհ 10,27-28)
«Յիսուս երբեք չկորսնցուց անմիջական կապը մարդոց հետ: Ան միշտ պահպանեց մօտիկութեան շնորհքը՝ իր ժողովուրդին հետ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւր անձին հետ : ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց, թէ կան երեք շնորհքներ, որոնք կը յատկանշեն, Յիսուսին եւ ամբոխին միջեւ յարաբերութիւնը. հետեւելու շնորհքը, հիացմունքի շնորհքը եւ զատորոշումի շնորհքը:
Հետեւելու շնորհքը: Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ, թէ մեծ թիւով մարդիկ կու գան, Յիսուսին մտիկ ընելու համար, Յիսուսը փնտռելու , զայն ողջագուրելու եւ շրջապատելու համար: (Ղուկաս 4,42):
Այս ժողովուրդին հետեւիլը, պայմաններէ զուրկ հետեւիլ մըն է՝ լի գորովով: Յիսուսին հետեւող ժողովուրդին այդ կեցուածքը կը հակազդէ առաքեալներուն՝ Ժողովուրդին հանդէպ ունեցած կեցուածքին ՝ երբ աշակերտները ուզեցին ժողովուրդը արձակել, որովհետեւ անոնց կերակրելու բան մը չ՝ունէին: Մինչ՝ Յիսուսի պատասխանը եղաւ «դուք կերակուր տուէք անոնց :»
Հիացումի շնորհքը: Երկրորդ շնորհքը զոր կը ստանայ ժողովուրդը, հիացմունքի շնորհքն է, որ ուրախութեամբ լեցուն է: Ժողովուրդը կը հիանային Յիսուսին գործած հրաշքներէն , յատկապէս Անոր անձէն: Յիսուս Ինք եւս կը հիանայ Ժողովուրդին ունեցած հաւատքէն եւ ասոր համար իր ուրախութիւնը կը յայտնէր:
Երրորդ զատորոշումի շնորհքը: Ժողովուրդը հիացած է Յիսուսի ուսուցումէն: Յիսուս կ՝ուսուցանէ, որպէս իշխանութիւն ունեցող անձ մը: Քրիստոս, Աստուծոյ մարմնացեալ Բանը, ժողովուրդին մէջ կը հրահրէ զատորոշելու շնորհապարգեւը:
Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելէ ետք Յիսուսի եւ ժողովուրդի միջեւ յարաբերութեան կը մատնանշէ Տիրոջ օծումի նախընտրեալ չորս խումբեր՝ աղքատներու, պատերազմի բանտարկեալներու, կոյրերու եւ ընկճուածներու խումբեր:
Աղքատները անոնք են, որոնք ծունկի եկած՝ մուրացկաններուն նման, կը խոնարհին ողորմութիւն խնդրելու համար: Աղքատ էր նաեւ պառաւ կինը, որ իր մատներով օծեց ունեցած իր երկու լումաները՝ ողորմութիւն կատարելու համար: Պառաւ կնոջ հետ միասին, Տէրը լիուլի կատարեց՝ իր Աւետարանը աղքատներուն հռչակելու առաքելութիւնը:
Կոյրերը: Աւետարանի մուրացկան կոյրը, որուն աչքերը Յիսուս հրաշքով մը բուժելէ ետք, ան Յիսուսին կը հետեւի: Սա հայեացքի օծում է: Յիսուսի հայցեալքը, որուն միջոցաւ մեր աչքերը կը վերսատանան լոյս ու փայլնութիւն:
Ընկճուածները: Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց բարի սամարացիին առակը, թէ ինչպէս սամարացին բուժեց եւ իւղով քսեց ճանապարհի եզրին գտնուող վիրաւորուած մարդուն վէրքերը: Սա Քրիստոսի վիրաւորուած մարմնի վէրքերու օծումն է : Այս օծումին մէջ կայ բուժում ՝պատմութեան եզրին վրայ գտնուող մարդոց, ընտանիքներուն վիշտերուն:
Բանտարկեալները: ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ակնարկէ գաղափարական գաղութացումով, նուրբ միջոցներով բանտարկուած քաղաքներուն, հաստատելով որ լոկ մեր սեփական մշակոյթի օծումով՝հարստացածէ մեր նախնիների աշխատանքով եւ արուեստով, կրնան ազատագրել մեր քաղաքները նոր ստրկութեան ձեւերէն:
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր ակնարկ կատարելէ ետք Տիրոջ օծումի նախընտրեալ չորս խումբերուն, յորդորեց որ պէտք չենք մոռնալ աւետարանի այս տիպարները, շօշափելի դիմագիծ ունեցող ժողովուրդը, որոնք Տիրոջ օծումով վերակենդանացան ու վերականգեցան:
Ան ապա խօսքը ուղղելով քահանաներուն ըսաւ մենք քահանաներս աղքատներ ենք եւ կ՝ուզենք այրի կնոջ պէտ սիրտ մը ունենալ ողորմութիւն կատարելու ընթացքին:
Քահանաները օծուած իւղի բաշխողները չեն: Անոնք օծումի միջոցաւ իրենց անձերը կը նուիրեն իրենց կոչումին ու սիրտերնին կը բանան:
Քահանաները օծումի ժամանակ, իրենց ձեռքերը կ՝աղտոտեն, երբ՝ կը դպչին մարդոց վէրքերուն, մեղքերուն ու անձկութիւններուն:
Քահանաներուն ձեռքերը բուրումնաւէտ կը դառնան, երբ կը դպչին ժողովուրդին հաւատքին, յոյսերուն , հաւատարմութեան ու ինչպէս նաեւ անոնց վեհանձնութեան: Ան որ օծել եւ օրհնել կը սորվի, ան կը բուժուի չարաշահումէն ու դաժանութենէն:
Աղօթենք, որպէսզի Յիսուսի հետ ժողովուրդին մէջ մտնելով , Հայրը վերանորոգէ մեր մէջ, Սուրբ Հոգիին սրբութեան զեղումը եւ այնպէս մը ընէ , որ բոլորս միանանք, հայցելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ մեզի յանձնուած ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ