Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը միւռոնի օրհնութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին:

Քահանաներուն ձեռքերը բուրումնաւէտ կը դառնան, երբ կը դպչին ժողովուրդի հաւատքին, յոյսերուն , հաւատարմութեան ու ինչպէս նաեւ անոնց վեհանձնութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց միւռոնի օրհնութեան սուրբ Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը՝ ուր կը խօսուի, Երուսաղեմի տաճարին մէջ, մեծ ամբոխի մը ներկայութեամբ, Յիսուս Եսայի մարգարէի գիրքէն հատուած մը կարդայ:
Խօսքը կեդրոնացնելով տաճարին մէջ գտնուող մեծ ամբոխին վրայ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Տաճարը լեցուն էր ազգականներով, ծանօթներով, բարեկամներով: Բոլորին աչքերը սեւեռած էին Յիսուսին վրայ: Այսօր եւս եկեղեցին իր աչքերը սեւեռած կը պահէ Յիսուսին վրայ, օծեալը զոր Սուրբ Հոգին ուղարկեց՝ Աստուծոյ ժողովուրդը օծելու համար:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:
Ան ապա շեշտը դրաւ Յիսուսի ժողովուրդին հետ ունեցած սերտ յարաբերութեան վրայ նկատել տալով, որ այդ Ժողովուրդը կազմուած է հիւանդներէ, աղքատներէ, մեղաւորներէ, դեւէ բռնուած մարդոցմէ: (Յովհ 10,27-28)
«Յիսուս երբեք չկորսնցուց անմիջական կապը մարդոց հետ: Ան միշտ պահպանեց մօտիկութեան շնորհքը՝ իր ժողովուրդին հետ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւր անձին հետ : ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց, թէ կան երեք շնորհքներ, որոնք կը յատկանշեն, Յիսուսին եւ ամբոխին միջեւ յարաբերութիւնը. հետեւելու շնորհքը, հիացմունքի շնորհքը եւ զատորոշումի շնորհքը:

Հետեւելու շնորհքը: Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ, թէ մեծ թիւով մարդիկ կու գան, Յիսուսին մտիկ ընելու համար, Յիսուսը փնտռելու , զայն ողջագուրելու եւ շրջապատելու համար: (Ղուկաս 4,42):
Այս ժողովուրդին հետեւիլը,  պայմաններէ զուրկ հետեւիլ մըն է՝ լի գորովով: Յիսուսին հետեւող ժողովուրդին այդ կեցուածքը կը հակազդէ առաքեալներուն՝ Ժողովուրդին հանդէպ ունեցած կեցուածքին ՝ երբ աշակերտները ուզեցին ժողովուրդը արձակել, որովհետեւ անոնց կերակրելու բան մը չ՝ունէին: Մինչ՝ Յիսուսի պատասխանը եղաւ «դուք կերակուր տուէք անոնց :»

Հիացումի շնորհքը: Երկրորդ շնորհքը զոր կը ստանայ ժողովուրդը, հիացմունքի շնորհքն է, որ ուրախութեամբ լեցուն է: Ժողովուրդը կը հիանային Յիսուսին գործած հրաշքներէն , յատկապէս Անոր անձէն: Յիսուս Ինք եւս կը հիանայ Ժողովուրդին ունեցած հաւատքէն եւ ասոր համար իր ուրախութիւնը կը յայտնէր:

Երրորդ զատորոշումի շնորհքը: Ժողովուրդը հիացած է Յիսուսի ուսուցումէն: Յիսուս կ՝ուսուցանէ, որպէս իշխանութիւն ունեցող անձ մը: Քրիստոս, Աստուծոյ մարմնացեալ Բանը, ժողովուրդին մէջ կը հրահրէ զատորոշելու շնորհապարգեւը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելէ ետք Յիսուսի եւ ժողովուրդի միջեւ յարաբերութեան կը մատնանշէ Տիրոջ օծումի նախընտրեալ չորս խումբեր՝ աղքատներու, պատերազմի բանտարկեալներու, կոյրերու եւ ընկճուածներու խումբեր:

Աղքատները անոնք են, որոնք ծունկի եկած՝ մուրացկաններուն նման, կը խոնարհին ողորմութիւն խնդրելու համար: Աղքատ էր նաեւ պառաւ կինը, որ իր մատներով օծեց ունեցած իր երկու լումաները՝ ողորմութիւն կատարելու համար: Պառաւ կնոջ հետ միասին,  Տէրը լիուլի կատարեց՝ իր Աւետարանը աղքատներուն հռչակելու առաքելութիւնը:

Կոյրերը: Աւետարանի մուրացկան կոյրը, որուն աչքերը Յիսուս հրաշքով մը բուժելէ ետք,  ան Յիսուսին կը հետեւի: Սա հայեացքի օծում է: Յիսուսի հայցեալքը, որուն միջոցաւ մեր աչքերը կը վերսատանան լոյս ու փայլնութիւն:

Ընկճուածները: Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց բարի սամարացիին առակը, թէ ինչպէս սամարացին բուժեց եւ իւղով քսեց ճանապարհի եզրին գտնուող վիրաւորուած մարդուն վէրքերը: Սա Քրիստոսի վիրաւորուած մարմնի վէրքերու օծումն է : Այս օծումին մէջ կայ բուժում ՝պատմութեան եզրին վրայ գտնուող մարդոց, ընտանիքներուն վիշտերուն:

Բանտարկեալները: ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ակնարկէ գաղափարական գաղութացումով, նուրբ միջոցներով բանտարկուած քաղաքներուն, հաստատելով որ լոկ մեր սեփական մշակոյթի օծումով՝հարստացածէ մեր նախնիների աշխատանքով եւ արուեստով, կրնան ազատագրել մեր քաղաքները նոր ստրկութեան ձեւերէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր ակնարկ կատարելէ ետք Տիրոջ օծումի նախընտրեալ չորս խումբերուն, յորդորեց որ պէտք չենք մոռնալ աւետարանի այս տիպարները, շօշափելի դիմագիծ ունեցող ժողովուրդը, որոնք Տիրոջ օծումով  վերակենդանացան ու վերականգեցան:
Ան ապա խօսքը ուղղելով քահանաներուն ըսաւ մենք քահանաներս աղքատներ ենք եւ կ՝ուզենք  այրի կնոջ պէտ սիրտ մը ունենալ ողորմութիւն կատարելու ընթացքին:
Քահանաները օծուած իւղի բաշխողները չեն: Անոնք օծումի միջոցաւ իրենց անձերը կը նուիրեն իրենց կոչումին ու սիրտերնին կը բանան:
Քահանաները օծումի ժամանակ, իրենց ձեռքերը կ՝աղտոտեն,  երբ՝ կը դպչին մարդոց վէրքերուն, մեղքերուն ու անձկութիւններուն:
Քահանաներուն ձեռքերը բուրումնաւէտ կը դառնան, երբ կը դպչին ժողովուրդին հաւատքին, յոյսերուն , հաւատարմութեան ու ինչպէս նաեւ անոնց վեհանձնութեան: Ան որ օծել եւ օրհնել կը սորվի, ան կը բուժուի չարաշահումէն ու դաժանութենէն:

Աղօթենք, որպէսզի Յիսուսի հետ ժողովուրդին մէջ մտնելով , Հայրը վերանորոգէ մեր մէջ,  Սուրբ Հոգիին սրբութեան զեղումը եւ այնպէս մը ընէ , որ բոլորս միանանք, հայցելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ մեզի յանձնուած ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2019, 09:57