Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանի նիստերուն առթիւ

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի տես Ուաշինկթոնի մէջ գումարուելիք համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանին ժողովներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային  ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  կոչ ուղղեց ի տես Ուաշինհթոնի մէջ գումարուելիք համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանին ժողովոներուն:

Կոչին մէջ սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Յառաջիկայ շաբաթ օր Ուաշինկթոնի մէջ տեղի պիտի ունենան համաշխարհային դրամատան գարնանային նիստերը: Կը քաջալերեմ այն ջանքերը որոնք ֆինանսական ներդրումի միջոցաւ կը փնտռեն խթանել ամենաղքատներուն կեանքը, նպաստելով մարդու արժանապատուութեան իսկական- համապարփակ եւ յարգալից զարցացումին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2018, 15:16