Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանի նիստերուն առթիւ
Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի տես Ուաշինկթոնի մէջ գումարուելիք համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանին ժողովներուն:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի տես Ուաշինհթոնի մէջ գումարուելիք համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանին ժողովոներուն:
Կոչին մէջ սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Յառաջիկայ շաբաթ օր Ուաշինկթոնի մէջ տեղի պիտի ունենան համաշխարհային դրամատան գարնանային նիստերը: Կը քաջալերեմ այն ջանքերը որոնք ֆինանսական ներդրումի միջոցաւ կը փնտռեն խթանել ամենաղքատներուն կեանքը, նպաստելով մարդու արժանապատուութեան իսկական- համապարփակ եւ յարգալից զարցացումին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
18/04/2018, 15:16