Ֆրանչիսկոս Պապ.«Եկեղեցւոյ մէջ ամենամեծը ամենուն ծառայողն է:»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած քարոզի ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ Յիսուսի Աւետարանին մէջ գրուած խօսքը: «Ով որ ուզէ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամենուն ծառայողը» ( Մարկոս 9,30-37):
«Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ ճամբուն վրայ աշակերտները ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէին, անոնք կը վիճաբանէին, թէ ով էր իրենցմէ ամենամեծը՝ մղուած փառասիրութենէն:Դա ըսաւ սրբազան հայրը աշխարհի հոգի է եւ չէ կարելի Աւետարանը ապրիլ դէպի աշխարհիկութեան հոգի առաջնորդող փոխզիջումներով, որուն նպատակն է իշխել ուրիշներուն վրայ, ինչ որ Աստուծոյ հակառակ է ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ ապա յորդորեց ընտրել ծառայութեան ուղին :
Աշխարհիկութեան անձկութիւնները, ուրիշներէն աւելի կարեւոր նկատուիլը ու ըսելը աշխարհի հոգի է եւ ան որ այդ հոգին կը շնչէ Աստուծոյ դէմ թշնամութեան հոգի կը շնչէ:
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց ,որ Եկեղեցւոյ մէջ ամենամեծը՝ ամենուն ծառայողն է: Աշխարհի հոգիին ընդդէմ առաջնորդող միակ ուղին հեզութեան ուղին է՝ ծառայելով ուրիշներուն եւ վերջին տեղը ընտրելով առանց մագլցումներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով, որ պէտք չէ բանակցիլ աշխարհի հոգիին հետ: Ան յորդորեց ունկնդրել Յիսուսի այս իմաստուն խօսքը «ով որ ուզէ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամենուն ծառայողը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ