Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Եկեղեցւոյ մէջ ամենամեծը ամենուն ծառայողն է:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 փետրուարի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած քարոզի ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ Յիսուսի Աւետարանին մէջ գրուած խօսքը: «Ով որ ուզէ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամենուն ծառայողը» ( Մարկոս 9,30-37):

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ ճամբուն վրայ աշակերտները ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէին, անոնք կը վիճաբանէին, թէ ով էր իրենցմէ  ամենամեծը՝ մղուած փառասիրութենէն:Դա ըսաւ սրբազան հայրը աշխարհի հոգի է եւ չէ կարելի Աւետարանը ապրիլ դէպի աշխարհիկութեան հոգի առաջնորդող փոխզիջումներով, որուն նպատակն է իշխել ուրիշներուն վրայ, ինչ որ Աստուծոյ հակառակ է ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ ապա յորդորեց  ընտրել ծառայութեան ուղին :

Աշխարհիկութեան անձկութիւնները, ուրիշներէն աւելի կարեւոր նկատուիլը ու ըսելը աշխարհի հոգի է եւ ան որ այդ հոգին կը շնչէ Աստուծոյ դէմ թշնամութեան հոգի կը շնչէ: 

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց ,որ Եկեղեցւոյ մէջ ամենամեծը՝ ամենուն ծառայողն է: Աշխարհի հոգիին ընդդէմ առաջնորդող միակ ուղին հեզութեան ուղին է՝ ծառայելով ուրիշներուն եւ վերջին տեղը ընտրելով առանց մագլցումներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը նշելով, որ պէտք չէ բանակցիլ աշխարհի հոգիին հետ: Ան յորդորեց ունկնդրել Յիսուսի այս իմաստուն խօսքը «ով որ ուզէ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամենուն ծառայողը»: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 11:33
Կարդալ բոլորը >