Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Աշխարհիկութեան մէջ սայթաքումը սիրտի դանդաղ հաւատուրացութիւն է»:

Աղօթքով է, որ Աստուծոյ շնորհքն ու սէրը մեզ պիտի կասեցնէ՝մեղքին մէջ սայթաքումէն :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 13 փետրուարին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Տոմուս Սանթա մատրան մէջ: Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզը նորին Սրբութիւնը կեդրոնացուց սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Թագաւորաց Գ գիրքէն, ուր կը խօսուի Սողոմոնի մասին, որ ծերութեան ժամանակը, «անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներուն դարձուցին:»  (Գ Թագաւորաց 4, 11)

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Սողոմոն իր կեանքի սկիզբը բարի մարդ մըն էր ու Աստուծմէ կը հայցէր միայն իմաստութիւն: Սակայն Սողոմոն իր ծերութեան ժամանակը, անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներուն դարձուցին: Սողոմոն աստիճանաբար սայթաքեցաւ մեղքին ներքեւ: Սողոմոնի տկար սիրտին ու կեանքին մէջ  հաւատուրացութիւնը ներթափանցեց: ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ Սողոմոն հաւատուրացութեան մատնուեցաւ ոչ թէ մէկ օրուան մէջ այլ աստիճանաբար: Ֆրանչիսկոս  Պապ դիտել տուաւ որ Սողոմոնի Հայրը, դաւիթ թագաւորը նաեւ երկու անգամ մեղանչեց սակայն  ան զղջաց իր մեղքերուն համար  ներում հայցելով Աստուծմէ: Դաւիթ հաւատարիմ գտնուեցաւ Աստուծոյ եւ Աստուած զայն պահպանեց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը: Մինչ Սողոմոնը խեղճուկ մարդ մըն էր ,որուն Աստուած մեծ ձիրքերով օժտած է սակայն ան իր բոլոր ձիրքերը  մսխեց թոյլ տալով, որ սիրտը տկարանայ ու սայթաքի  տկարութեան եւ մեղքի մէջ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա զգուշացուց մեղքին մէջ աստիճանբար սայթաքումէն, անհաւատարիմ գտնուելով Աստուծոյ դիտել տալով, որ  մենք եւս քանի անգամ մեր կեանքին մէջ կը բանակցինք այլ աստուածներու հետ, դրամի, սնապարծութեան , հպարտութեան աստուածներու հետ: Այս բոլոր կը գործենք աստիճանաբար երբ՝ մեր կեանքին մէջ կը պակսի  Աստուծոյ շնորհքը:ըսաւ Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց հայցելով Աստուծմէ որ բոլորիս շնորհէ հասկնալու շնորհքը  երբ մեր սիրտը  տկարանալու եւ սայթաքելու  կը սկսի, որպէսզի կարենանք կանգ առնել : Աստուծոյ շնորհքն ու սէրն  է, որ մեզ պիտի կասեցնէ երբ՝ կ՝աղօթենք: ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 12:30
Կարդալ բոլորը >