Ֆրանչիսկոս Պապ.«Աշխարհիկութեան մէջ սայթաքումը սիրտի դանդաղ հաւատուրացութիւն է»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 13 փետրուարին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Տոմուս Սանթա մատրան մէջ: Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզը նորին Սրբութիւնը կեդրոնացուց սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Թագաւորաց Գ գիրքէն, ուր կը խօսուի Սողոմոնի մասին, որ ծերութեան ժամանակը, «անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներուն դարձուցին:» (Գ Թագաւորաց 4, 11)
Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Սողոմոն իր կեանքի սկիզբը բարի մարդ մըն էր ու Աստուծմէ կը հայցէր միայն իմաստութիւն: Սակայն Սողոմոն իր ծերութեան ժամանակը, անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներուն դարձուցին: Սողոմոն աստիճանաբար սայթաքեցաւ մեղքին ներքեւ: Սողոմոնի տկար սիրտին ու կեանքին մէջ հաւատուրացութիւնը ներթափանցեց: ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ Սողոմոն հաւատուրացութեան մատնուեցաւ ոչ թէ մէկ օրուան մէջ այլ աստիճանաբար: Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Սողոմոնի Հայրը, դաւիթ թագաւորը նաեւ երկու անգամ մեղանչեց սակայն ան զղջաց իր մեղքերուն համար ներում հայցելով Աստուծմէ: Դաւիթ հաւատարիմ գտնուեցաւ Աստուծոյ եւ Աստուած զայն պահպանեց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը: Մինչ Սողոմոնը խեղճուկ մարդ մըն էր ,որուն Աստուած մեծ ձիրքերով օժտած է սակայն ան իր բոլոր ձիրքերը մսխեց թոյլ տալով, որ սիրտը տկարանայ ու սայթաքի տկարութեան եւ մեղքի մէջ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա զգուշացուց մեղքին մէջ աստիճանբար սայթաքումէն, անհաւատարիմ գտնուելով Աստուծոյ դիտել տալով, որ մենք եւս քանի անգամ մեր կեանքին մէջ կը բանակցինք այլ աստուածներու հետ, դրամի, սնապարծութեան , հպարտութեան աստուածներու հետ: Այս բոլոր կը գործենք աստիճանաբար երբ՝ մեր կեանքին մէջ կը պակսի Աստուծոյ շնորհքը:ըսաւ Ան:
Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց հայցելով Աստուծմէ որ բոլորիս շնորհէ հասկնալու շնորհքը երբ մեր սիրտը տկարանալու եւ սայթաքելու կը սկսի, որպէսզի կարենանք կանգ առնել : Աստուծոյ շնորհքն ու սէրն է, որ մեզ պիտի կասեցնէ երբ՝ կ՝աղօթենք: ըսաւ Սրբազան Հայրը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ