Որոնել

2022.01.14 Settimana preghiera unità cristiani

Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ (…) եւ ընկերդ` քու անձիդ պէս

Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած այս խօսքերը (10,27) առանցքը կը կազմեն 2024 թուականի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան: Արդեն հասանելի է համապատասխան Ուղեցոյցը՝ հրապարակուած Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ շարադրուած Պուրքինա Ֆազոյի համամիութենական հասարակութեան կողմէ՝ «Chemin Neuf» համայնքին հետ միասին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ (…) եւ ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»: Յիսուսի կողմէ Օրէնքի ուսուցիչին ուղղած այս խօսքերը, որ յաջորդած են Ղուկասի աւետարանի Բարի Սամարացիի առակին, առանցքն են Քրիստոնեաներու միութեան 2024 թուականի աղօթքի շաբթուան, որ կոչուած է խրախուսելու ընդհանուր աղօթքը՝ տարբեր դաւանանքներու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին: 

Շաբաթը հիւսիսային կիսագունդի մէջ կը նշուի Յունուար 18էն 25ը, մինչ հարաւային կիսագունդի մէջ կը նշուի տարբեր ամսաթիւերուն՝ յաճախ Պենտեկոստէի շրջանին:

Ուղեցոյցը հրատարակուած է Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան եւ Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի հաւատքի և կարգի յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ, որուն մէջ ներառուած աղօթքները ու մտորումները պատրաստուած են Պուրքինա Ֆազոյի համամիութենական յանձնախումբի կողմէ՝ «Chemin Neuf» հասարակութեան համակարգմամբ:

Պուրքինա Ֆազոյի քրիստոնեաները

Դիւրին չէ կացութիւնը Պուրքինա Ֆազոյի մէջ: Արեւմտեան Ափրիկէի այդ երկիրին մէջ, կը բնակին 21 միլիոն մարդ՝ շուրջ 60 էթնիկ խումբերու պատկանող, որոնց 64 առ հարիւրը մահմետական է, 9%-ը հաւատարիմ է աւանդական ափրիկեան կրօններուն եւ 26%-ը՝ քրիստոնեաներ (20% կաթողիկէ, 6 % բողոքական): 2016ին՝ ժիհատիսթներու յարձակումէն ետք, կտրուկ վատթարացած են անվտանգութեան պայմանները եւ հասարակական յարակցութիւնը։ Զինուած յարձակումներու առարկայ դարձած են յատկապէս քրիստոնէական եկեղեցիները, սպաննուած, առեւանգուած եւ բռնութեան ենթարկուած են քահանաներ եւ կրօնուսոյցներ, փակուած են քրիստոնէական պաշտամունքի վայրերու մեծ մասը։

Ծիսակատարութիւնները ներկայիս հնարաւոր են միայն խոշոր քաղաքներուն մէջ՝ այդ ալ ոստիկանութեան պաշտպանութեան ներքոյ։

Հաշտեցման եւ խաղաղութեան ջանքերը

Հակառակ ամէն բանի կրօններու միջեւ կը նկատուի զօրակցութեան որոշակի աճ, ու համապատասխան կրօնական առաջնորդները կ’աշխատին հաշտեցման եւ հասարակական յարակցութեան ուղղութեամբ:

Պուրքինա Ֆազոյի քրիստոնէական համայնքները՝ գիտակցելով, որ քրիստոնեաներու միջեւ տարաձայնութիւնները վնաս կը հասցնեն ոչ միայն Եկեղեցւոյ, այլեւ՝ Քրիստոսին՝ «անշրջելի կերպով կը պարտաւորուին ընթանալ համամիութենական հետազօտութիւններու ուղիով, այդպիսով ունկնդրելով Տիրոջ Հոգիին», կը կարդանք Ուղեցոյցի պարունակութեան մէջ:

Դիւրին չէ ճամբան

Անոր մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Յիսուս աղօթեց, որ իր աշակերտները ըլլան մէկ, բայց ճամբան դիւրին չէ. «Եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան պակասը եւ փոխադարձ կասկածամտութիւնը կը թուլցնեն համամիութենական ուղին բռնելու յանձնառութիւնը» եւ, ճշմարիտ հոգեւոր, հովուական եւ եկեղեցական դարձը՝ առանց դաւանափոխութեան, էական է ճշմարիտ համամիութենական երկխօսութեան համար:

Քրիստոնեաների միասնութիւնը շնորհք`զոր պէտք է հայցել Աստուծմէ՝ աղօթքի միջոցաւ»:

Լռութիւնը՝ հիմնարար աղօթքի համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

2021 թուականին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր բոլոր մկրտուածները միասին ուղեւորուիլ կառուցելու սինոդալ Եկեղեցի եւ 30 Սեպտեմբեր 2023ի Համամիութենական աղօթքի հսկումի ընթացքին՝ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ ժողովի առաջին փուլի նախօրէին, Ան կը նշած էր, որ. «Լռութիւնը կարեւոր է քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան մէջ: Յիրաւի, այդ մէկը հիմնարար է աղօթքի համար, առանց որուն համամիութենականութիւնը ամուլ է»:

Նշենք, որ «Chemin Neuf» հասարակութիւնը՝ բաղկացած աշխարհականներէ եւ եկեղեցականներէ, հիմնադրուած է 1973 թուականին Լիոնի մէջ, Յիսուսեան Միաբանութեան Հայր Լորան Ֆապրի կողմէ։ Այսօր իր 2000 անդամներով ներկայ է երեսուն երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Պուրքինա Ֆազոյին մէջ: Հասարակութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած կարգախօսն է՝ «Կը համարձակինք հաւատալ Եկեղեցւոյ տեսանելի միասնութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 09:00