Որոնել

2024.01.08 Locandina Settimana preghiera per l'unità dei cristiani 2024

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ...և քու մերձաւորդ քու անձիդ պէս»

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝ 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը 25 Յունուարին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 18 Յունուարին սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը, որ կը տեւէ մինչեւ 25 Յունուար եւ որուն ընթացքին սովորութիւն է ընդհանրապէս, որ բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները իրենց մօտ հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցելու, ցոյց տալով այսպէս, Տիեզերական եկեղեցւոյ հարստութիւնը ու բազմազանութիւնը Միութեան մէջ: Սովորութիւն է նաեւ որ կատարուին հահմիութենական աղօթքներ եւ հանդիպումներ։

Այս տարուայ աղօթքներու որպէս նիւթ ընտրուած է Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած (Ղուկաս 10, 27) . «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ...և քու մերձաւորդ քու անձիդ պէս»  խօսքը։

Յայտնենք թէ ամէն տարի յիշատակուող աղօթքի այս շաբթուան աւանդութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսի եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնի, եւ որ 1948-էն ասդին` «Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի» ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։

Յատկանշական է նաեւ Յունուար 18 եւ Յունուար 25 թուականներու ընտրութիւնը։ Առաջինը արդարեւ կը յիշատակէ Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը իսկ երկրորդը` 25 Յունուարը կը զուգադիպի Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնին։

Նշենք թէ յառաջիկայ Հինգշաբթի, 25 Յունուարին, եկեղեցիներու միութեան աղօթքի 57-րդ շաբթուան առիթով, Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակին նուիրուած տօնին օրը, Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն ընդհանրապէս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 09:36