Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր հաւատոյ խոստովանութեան»ը Ալեքս Կուսակալին

Հաղորդաշար (37) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի «Գիր հա­ւա­տոյ խոս­տո­վա­նու­թեան Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ» Կի­լի­կիոյ Ալեքս Կու­սա­կա­լին գրա­ւոր կը ներ­կա­յաց­նէ Մա­մես­տիայի մէջ իրենց ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քն­նար­կած հայ եկե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նան­քը, ինչ­պէս նաեւ պար­զա­բա­նում­ներ որոշ հար­ցե­րու շուրջ, որ յոյ­նե­րը Կու­սա­կա­լին փո­խան­ցած էին։ Շնոր­հա­լի եպիս­կո­պոսն այս­պէս կը գրէ. «Իսկ այն ինչ որ եկե­ղեց­ւոյ կար­գե­րու եւ տօ­նե­րու եւ այլ հար­ցե­րու շուրջ է, որ ձեզ­մէ ոմանք խե­ղա­թիւ­րե­լով մեր մա­սին ձե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին գրու­թեամբ՝ այս­պէս կը պա­տաս­խա­նենք ճշ­մար­տօ­րէն առանց ստե­լու, հաս­տա­տե­լով ինչ որ ու­նինք եւ այն բա­նե­րէն որ կը հրա­ժա­րինք»։­

Այս բա­ցատ­րու­թեան մէջ եր­կու կա­րե­ւոր կէտ կը նշ­մա­րենք, որոնց յե­տա­գային, Շնոր­հա­լի կր­կին ու կր­կին պի­տի ան­դրա­դառ­նայ, տար­բեր երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, որ­պէս հիմք եւ կա­րե­լի է ըսել նա­խա­պայ­ման ըն­դու­նե­լով։­

Ա­ռա­ջի­նը՝ այն է որ Շնոր­հա­լի կը մատ­նան­շէ թէ երկ­խօ­սու­թեան դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու հիմք կազ­մող հարթա­կը կա­ռու­ցուած է տար­բեր ան­ձե­րու կող­մէ, ոչ այն­քան ալ ան­կեղծ եւ մա­քուր դի­տա­ւո­րու­թեամբ, եւ շատ ան­գամ չա­րամ­տու­թեամբ կամ տգի­տու­թեամբ կազ­մուած «խե­ղա­թիւ­րուած» տեղեկութիւններով։­

Երկ­րոր­դը՝ իր ներ­քին տրա­մադ­րու­թիւնն է, որ բնա­կա­նա­բար կ՚ակն­կա­լէ նաեւ դի­մա­ցին­նե­րէն, ինչ­պէս պա­տաս­խան­նե­րու ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ճշ­մար­տա­ցիու­թիւ­նը եւ պար­զու­թիւ­նը, ար­տա­յայ­տուած ու­ղիղ դի­տա­ւո­րու­թեամբ եւ ան­խար­դախ մաք­րու­թեամբ։

Շ­նոր­հա­լիի վեր­ջա­բանն ալ կը վկայէ հզօր հո­գե­ւո­րա­կա­նի ան­ձնա­կա­նու­թիւ­նը եւ մե­զի կը յու­շէ ամ­րա­կուռ հա­ւատ­քի տէր, Քրիս­տո­սի իս­կա­կան հե­տե­ւորդ բա­րի եւ քաջ հո­վի­ւի տի­պա­րը, որ այս աշ­խար­հի վրայ կ՚ապ­րի երկն­քի ար­քա­յու­թեան չա­փա­նի­շնե­րով եւ ակն­կա­լի­քով։ Ահա այս­պէս կը վեր­ջաց­նէ իր խօս­քը. «Արդ, ձեր խնդ­րան­քով... հա­մա­ռօ­տա­բար ներ­կա­յա­ցու­ցի Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ ճշ­մա­րիտ դա­ւա­նու­թիւնը։ Իսկ եթէ մար­դա­հա­ճու­թեամբ կամ եր­կիւ­ղգ ու պատ­կա­ռան­քէ մղուած մեր հա­ւատ­քի դա­ւա­նան­քէն ծած­կե­ցի կամ չգ­րե­ցի եւ կամ աւե­լին նշե­ցի, որ չու­նինք, որ­պէս­զի ձե­զի ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ, ան­հա­ւատ­նե­րու եւ հեր­ձուա­ծող­նե­րու հետ դա­տաս­տա­նի են­թար­կուիմ Աս­տու­ծոյ ատեանին դի­մաց։ Որով­հե­տեւ ծած­կուած կամ կեղ­ծուած հա­ւատ­քը հե­ռու չէ ան­հա­ւա­տու­թե­նէն։ Իսկ ով որ այս բո­լո­րը մեզ­մէ լսե­լէ ետք դար­ձեալ մեզ­մէ գայ­թակ­ղի, ըսած­նե­րուս չհա­ւա­տա­լով՝ ին­քը թող պա­տաս­խան տայ Քրիս­տո­սի, դա­տաս­տա­նին օրը, որ­պէս Անոր ան­դամ­նե­րը պա­ռակ­տող։ Իսկ ան որ ան­գամ մը լսէ եւ հա­ւա­տայ ու չդա­տէ, ինչ­պէս ըսաւ սր­տե­րը Քն­նո­ղը, ճշ­մա­րիտ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հետ բա­րի վարձք ըն­դու­նի Քրիս­տո­սէ, մեր Աս­տուծ­մէ, որուն փառք եւ զօ­րու­թիւն յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից. ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 08:06