Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր հաւատոյ խոստովանութեան»ը Ալեքս Կուսակալին
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի «Գիր հաւատոյ խոստովանութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» Կիլիկիոյ Ալեքս Կուսակալին գրաւոր կը ներկայացնէ Մամեստիայի մէջ իրենց ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը, ինչպէս նաեւ պարզաբանումներ որոշ հարցերու շուրջ, որ յոյները Կուսակալին փոխանցած էին։ Շնորհալի եպիսկոպոսն այսպէս կը գրէ. «Իսկ այն ինչ որ եկեղեցւոյ կարգերու եւ տօներու եւ այլ հարցերու շուրջ է, որ ձեզմէ ոմանք խեղաթիւրելով մեր մասին ձեզի տեղեկացուցին գրութեամբ՝ այսպէս կը պատասխանենք ճշմարտօրէն առանց ստելու, հաստատելով ինչ որ ունինք եւ այն բաներէն որ կը հրաժարինք»։
Այս բացատրութեան մէջ երկու կարեւոր կէտ կը նշմարենք, որոնց յետագային, Շնորհալի կրկին ու կրկին պիտի անդրադառնայ, տարբեր երկխօսութիւններու ընթացքին, որպէս հիմք եւ կարելի է ըսել նախապայման ընդունելով։
Առաջինը՝ այն է որ Շնորհալի կը մատնանշէ թէ երկխօսութեան դժուարութիւնները եւ տարակարծութիւններու հիմք կազմող հարթակը կառուցուած է տարբեր անձերու կողմէ, ոչ այնքան ալ անկեղծ եւ մաքուր դիտաւորութեամբ, եւ շատ անգամ չարամտութեամբ կամ տգիտութեամբ կազմուած «խեղաթիւրուած» տեղեկութիւններով։
Երկրորդը՝ իր ներքին տրամադրութիւնն է, որ բնականաբար կ՚ակնկալէ նաեւ դիմացիններէն, ինչպէս պատասխաններու անկեղծութիւնը, ճշմարտացիութիւնը եւ պարզութիւնը, արտայայտուած ուղիղ դիտաւորութեամբ եւ անխարդախ մաքրութեամբ։
Շնորհալիի վերջաբանն ալ կը վկայէ հզօր հոգեւորականի անձնականութիւնը եւ մեզի կը յուշէ ամրակուռ հաւատքի տէր, Քրիստոսի իսկական հետեւորդ բարի եւ քաջ հովիւի տիպարը, որ այս աշխարհի վրայ կ՚ապրի երկնքի արքայութեան չափանիշներով եւ ակնկալիքով։ Ահա այսպէս կը վերջացնէ իր խօսքը. «Արդ, ձեր խնդրանքով... համառօտաբար ներկայացուցի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանութիւնը։ Իսկ եթէ մարդահաճութեամբ կամ երկիւղգ ու պատկառանքէ մղուած մեր հաւատքի դաւանանքէն ծածկեցի կամ չգրեցի եւ կամ աւելին նշեցի, որ չունինք, որպէսզի ձեզի ընդունելի ըլլայ, անհաւատներու եւ հերձուածողներու հետ դատաստանի ենթարկուիմ Աստուծոյ ատեանին դիմաց։ Որովհետեւ ծածկուած կամ կեղծուած հաւատքը հեռու չէ անհաւատութենէն։ Իսկ ով որ այս բոլորը մեզմէ լսելէ ետք դարձեալ մեզմէ գայթակղի, ըսածներուս չհաւատալով՝ ինքը թող պատասխան տայ Քրիստոսի, դատաստանին օրը, որպէս Անոր անդամները պառակտող։ Իսկ ան որ անգամ մը լսէ եւ հաւատայ ու չդատէ, ինչպէս ըսաւ սրտերը Քննողը, ճշմարիտ հաւատացեալներու հետ բարի վարձք ընդունի Քրիստոսէ, մեր Աստուծմէ, որուն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ