Որոնել

Եկեղեցի անապատին մէջ

Ֆիտես գործակալութեան պատրաստած տեսերիզը՝ կարդինալ Սեփեի յիշողութիւններով, կը պատմէ Մոնկոլիայի Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութիւնը։ Որպէս Յովհաննէս Պօղոս Բի ներկայացուցիչ՝ Կարդինալը 2000ականներու սկիզբը այցելած էր ասիական Երկիր, ուր հանդիպած էր երիտասարդ միսիոներ հայր Մարենկոյի հետ, ներկայիս՝ կարդինալ եւ Մոնկոլիայի առաքելական կառավարիչ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան


Անսահման տափաստան, նախիրներով վազող վայրի ձիեր եւ եկեղեցի, որ ԻԱ դարու սկիզբը դեռեւս փոքրիկ բողբոջ մըն էր: Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփեի՝ որպէս Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի ներկայացուցիչ 2002-2003 թուականներուն Մոնկոլիոյ երկու այցելութիւններու յիշողութիւնները՝ ձուլուելով Թերեզա Ցէնկ Քուանկ Յիի կողմէ իրականացուած պատկերներուն հետ, ծնունդ տուած է «Մոնկոլիա, նոր սկիզբ» բնաբանը կրող տեսերիզին։ Նախաձեռնութիւնը Ֆիտես լրատու գործակալութեան կը պատկանի, որ՝ ի տես Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Մոնկոլիա յառաջիկայ 31 Օգոստոսէն  4 Սեպտեմբեր այցելութեան, սկսած է յատուկ հաղորդաշար։

Մոնկոլիայի Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութիւնը

Կարդինալ Սեփեն, այդ ժամանակ, երբ Ժողովուրդներու Աւետարանումի Ժողովի՝ յայտնի Propaganda Fideի կառավարիչ էր, Մոնկոլիա երկրորդ այցելութեան ատեն իր հետը տարած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի նամակը, որ առողջութեան պատճառաւ չէր կրցած հոն անձամբ այցելել եւ յանձնարարած էր Աւետարանումի Ժողովի կառավարիչին՝ ըլլալու իր աչքերն ու հոգին Երկիրի մը մէջ, ուր քրիստոնեաներու թիւը չ’անցնէր 1450ը։

Տեսերիզին մէջ իրարու կը յաջորդեն կարդինալ Սեփեի տարբեր յիշողութիւնները․ «գերազանց յարաբերութիւնները» Ուլաանպաաթարի իշխանութիւններուն հետ, երկար ուղեւորութիւնները մեքենայով արտասովոր բնութեան մէջէն եւ մասնաւորապէս ճամբորդութիւնը Կոպի անապատով դէպի կաթողիկէ փոքրիկ համայնք՝ հիմնադրուած  «Քոնսոլաթա» միաբանութեան երիտասարդ միսիոնար հայր  Ճորճօ Մարենկոյի ջանքերով, որ տունէն իր այդքան հեռու ապրիլը կը բացատրէր թէ․ «Հոս մարդիկը բարի են, մարդիկը ինծի կը սիրեն»։

Այսօր 49ամեայ Ճորճօ Մարենկոն կարդինալ է` Մոնկոլիայի առաքելական կառավարիչը։

Սպասելով Ֆրանչիսկոս Պապին

Ֆիտես գործակալութիւնը նկատել տուած է, որ տեսերիզին մէջ «նաև կը խօսին այն կիները, որոնք մինչ օրս կ’աշխատին բանջարեղէնի մեծ ջերմոցի մէջ, որ նորածին եկեղեցական համայնքի առաջին գործերէն եղած է՝ նպաստելու, որպէսզի հարիւրաւոր ընտանիքներ ստանան լաւ եւ օգտակար սնունդ»:

Մոնկոլիայի Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութեան մասին տասնմէկ վայրկեան տեւողութեամբ այդ տեսերիզը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցին՝ հարստանալու համար նոր գլուխով մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 11:22