Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Մոնկոլիա առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Մոնկոլիա առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը 

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, տարբերանշանն ու նշանաբանը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց 31 օգոստոս 4 սեպտեմբեր, Ֆրանչիսկոս Պապին ասիական երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, «Յուսալ միասին» նշանաբանով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 6 յուլիսին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 31 օգոստոս-էն 6 սեպտեմբեր 2023ին, Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, Ճամբորդութեան նշանաբանն ու տարբերանշանը։

Օրակարգին համաձայն, 31 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6,30ին, Հռոմի միջազգային օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի Ulaanbaatar, ուր ժամանումը նախատեսուած է՝ յաջորդ օրը 1 սեպտեմբերին, առաւօտեան, տեղական ժամանակացոյցով 10ին։

Նորին Սրբութեան պաշտօնական այցելութիւնները սկիզբ կ՝առնեն, 2 սեպտեմբերին, առաւօտեան 9ին, Ulaanbaatar մայրաքաղաքին Sukhbaatar հրապարակի վրայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեամբ, ապա 09,30ին, Պետական պալատէն ներս Մոնկոլիոյ նախագահ տիար Ukhnaagiin Khürelsükh հետ հանդիպումով։

իսկ ժամը 10.20ին, «Ikh Mongol» սրահէն ներս իշխանութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ունենայ հանդիպում, որուն ընթացքին կ՝արտասանէ առաքելական ճամբորդութեան իր առաջին ճառը։ Ապա ժամը 11ին, ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիպի վարչապետին հետ։

Նոյնը օրը յետմիջօրէին, ժամը 4ին, «Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս» անուան տաճարէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, միսիոնարներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, հովուական ծառայութեան գործիչներուն հետ անոնց ուղղելով իր սիրտի խօսքը։

Կիրակի 2 սեպտեմբերին, նախատեսուած են երկու միջոցառումներ։ Առաւօտեան, Hun Theatre կառոյցէն ներս միջկրօնային եւ համամիութենական հանդիպում, ապա յետմիջօրէին ժամը 4ին, Steppe Arena էի մէջ Սուրբ Պատարագ ու յաւուր պատշաճի քարոզ։

Երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, այցելութեան վերջին օրը, առաւօտեան ժամը 9,30ին, Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի բարեգործական գործիչներուն հետ, բացումը կը կատարէ Ողորմածութեան տան ու կ՝արտասանէ առաքելական ճամբորդութեան վերջին ճառը, որմէ ետք 11,30ին կը փոխադրուի Ulaanbaatar-ի “Chinggis Khaan” միջազգային օդակայան ուր տեղի կ՝ունենայ Նորին Սրբութեան ի պատիւ հրաժեշտի արարողութիւնը ապա ժամը 12ին, թռիչքով կը փոխադրուի Հռոմի միջագայինին օդակայն, ուր ժամանումը նախատեսուած է յետմիջօրէին 5,20ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնկոլիա առաքելական ճամբորդութեան տարբերանշանն ու նշանաբանը

Լոյս տեսաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբերին, Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան տարբերանշանը ու «Յուսալ միասին» վերանգիրով նշանաբանը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ նշանաբանին «Յուսալ միասին» գրութեան ընտրութեան նպատակն է շեշտել Մոնկոլիոյ մէջ Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան երկակի նշանակութիւնը, հովուական այցը եւ պետական այցը։

Նշանաբանը, որ կը կրէ զուտ քրիստոնէական յոյս առաքինութիւնը լայնապէս կիսուած է նաեւ, ոչ քրիստոնեայ շրջանակներէն մէջ, անոր կից աւելցնելով «Միասին» բառը, ընդգծելու համար Մոնկոլիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեան կարեւորութիւնը։

Տարբերանշանը

Տարբերանշանին մէջ արձանագրուած գրութեան վերեւ կը գտնենք Մոնկոլիոյ քարտէսը՝ գծուած ազգային դրօշակի երկու գոյներով, կապոյտ եւ կարմիր, կայ նաեւ  աւանդական Մոնկոլական տուն մը, որմէ կը բխի դեղին ծուխ մը, որ կը ներկայացնէ Վատիկանի գոյնը։

Տարբերանշանին մէջ աւանդական տան աջ կողմը կը գտնենք խաչ մը։ Խաչի ու տան երկու կողմերը արձանագրուած է Մոնկոլիոյ աւանդական լեզուով «Յուսալ միասին» նշանաբանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2023, 14:05