Որոնել

Երուսաղէմէն բերուած Սուրբ Ընտանիքի Սրբապատկերին ներկայութեամբ Սուրբ Պատարագ Ս Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Ընտանիքը այսօր մեզի հետ է ըսելու՝ «նմանեցէք մեզի եւ մենք ձեզի հետ պիտի ըլլանք օրհնելու, պաշտպանելու եւ փրկելու ձեզ այն բոլոր դժուարութիւններէն, որոնք կը տագնապեցնեն ձեզ
Ունկնդրէ Լուրը

Կիրակի 29 օգոստոս 2021-ի առաւօտեան Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ զոր մատոյց Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը, Երուսաղեմէն բերուած ու Լիբանանի զանազան Ժողովրդապետութիւններուն մէջ հանգրուան կատարող Սուրբ Ընտանիքի սրբապատկերին ներկայութեամբ։ 

Սուրբ Զոհին ընթացքին Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը ներկաներուն փոխանցեց հետեւել քարոզը

 

Սուրբ Ընտանիքը Եւ Աստուծոյ Պաշտպանութիւնը

Ըստ կապելու եւ արձակելու իշխանութեան, զոր Յիսուս տուաւ իր աշակերտներուն, ամէն անգամ երբ եկեղեցին տօն մը կամ առիթ մը կը յայտարարէ, երկնքի դռները լայն կը բացուին օրհնելու համար հաւատացեալները:

Այս իմաստով այսօր յատուկ առիթ մը ունինք միասին տօնելու համար, այն ալ Ս. Ընտանիքի  այցելութիւնն է մեր եկեղեցւոյ:

Այս առիթով մի քանի խորհուրդներ կուզեմ բաժնեկցել ձեզի հետ միասին:

Ս. Ընտանիքի յատկանշական առաքինութիւններէն են վստահութիւն Աստուծոյ խոստումներուն եւ հնազանդութիւն անոնց: Զոր օրինակ Ս. Յովսէփի Մարիամի ամուսինն էր եւ Ս. Ընտանիքին գլուխը: Ս. Յովսէփի ուսերուն վրայ դրուած էր ամենածանր պարտականութիւնը, որ ապահով պահէ եւ հոգ տանի Յիսուս մանուկին եւ Մարիամին: Աստուած ընտրած էր Յովսէփը, որովհետեւ ան իր կեանքի ընթացքին սորված էր կատարեալ վստահութիւն ցուցաբերել Տիրոջ պատուիրաններուն հանդէպ: Յովսէփ երբ տեղեկացաւ, որ Մարիամ զաւակ մը պիտի ծնի, հնազանդեցաւ հրեշտակին պատուէրին եւ չտարակուսեցաւ Մարիամը որպէս իր կինը առնելու: Երկրորդ պատահարը այն եղաւ, երբ Հերովդէս ուզեց սպաննել Յիսուս Մանուկը, դարձեալ հրեշտակային պատուէրին հնազանդելով առաւ իր ընտանիքը եւ Եգիպտոս փախչեցաւ: Ապա երբ մահուան վտանգը վերացաւ, վերադարձաւ Նազարէթ, ուր Յիսուս պիտի մեծնար եւ աճէր եւ իր մարդկութիւնը փրկելու առաքելութիւնը յառաջ տանէր: Որովհետեւ ան՝ Յովսէփ անտարակոյսօրէն կը վստահէր Աստուծոյ պատուիրաններուն, Տէրը զինք եւ իր ընտանիքը կը փրկէր ամէն վտանգէ:

Երկրորդ հերթին Ս. Կոյս Մարիամը: Հրեշտակի աւետիսը իրէն, թէ անամուսնացեալ զաւակ մը պիտի ծնանի, բոլորովին անըմբռնելի էր եւ առաւել եւս իր կեանքը սպառնացող վտանգաւոր հետեւանքներ կրնար ունենալ:  Ս. Կոյսը ընդունեց իրէն տրուած պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը եւ անոր համար «բոլոր ազգերը զինք կ'երանեն»:

Ի վերջոյ Յիսուս, որ իր կեանքի «հացն էր» իր Հօր կամքը կատարելը, Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ երբ մարդկութեան փրկութեան համար իր դիմաց դրուած դառն բաժակը պիտի խմէր, ըսաւ՝ «Եթէ կարելի է հեռացնել այս բաժակը ինձմէ: Բայց ոչ ինչպէս ես կը փափաքիմ, այլ քու կամքիդ համաձայն թող ըլլայ Հայր»: Մահ չկրցաւ բանտարկել զինք եւ յարութիւն առաւ:

Այս վստահութեան եւ հնազանդութեան պտուղը կը վայելենք այսօր՝ այն ալ Յիսուսով մարդկութիւնը փրկուեցաւ:

Ս. Ընտանիքը այսօր մեզի հետ է ըսելու՝ «նմանեցէք մեզի եւ մենք ձեզի հետ պիտի ըլլանք օրհնելու, պաշտպանելու եւ փրկելու ձեզ այն բոլոր դժուարութիւններէն, որոնք կը տագնապեցնեն ձեզ: Վստահեցէք Աստուծոյ խոստումներուն եւ մենք մեր բարեխօսական աղօթքով ձեզի հետ պիտի ըլլանք, ձեզ զօրացնելու որպէսզի իրագործէք Աստուծոյ ծրագիրը ձեր կեանքերէն ներս եւ ձեզ սիրող երկնաւոր Հայրը պիտի ազատէ ձեզ բոլոր տառապանքներէն եւ հիւանդութիւններէն» Ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2021, 08:02