Փոքրամասնութիւններու Մտավախութիւնը՝ Ինչպէ՞ս Տոկալ, Հաստատ Մնալ եւ Դիմադրել
Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւններու հարցը կնճռոտ թեմա մըն է արծարծելու համար: Փոքրամասնութիւն կոչուած հաւաքականութիւնները ովքե՞ր են, աւելին եւս՝ ինչպէ՞ս փոքրամասնութիւն դարձան:
Ի հարկէ փոքրամասնութիւններ կոչուած հաւաքականութիւններ քրիստոնեայ համայնքներն են: Քրիստոնեաներն ու արեւելքի մէջ իրենց ներկայութիւնը խրթին եւ ցաւալի պատմութիւն մը ունի կուտակած իր էջերուն մէջ: Բնական է, որ խաղաղ եւ բարգաւաճ ժամանակահատուածներ եղած են, բայց եւ այնպէս հալածանքի, ահուվախի ճգնաժամային ժամեր ալ արձանագրուած են: Ըսել՝ որ «1400 տարիներու խաղաղ կենակցութեան պատմութիւն ունեցած ենք միջին արեւելքի մէջ», իրականութիւններու ճշգրիտ նկարագրութիւնը չէ:
Լեռնալիբանանը, ինչպէս նաեւ միջին արեւելքի երկիրները, քրիստոնէաբնակ աշխարհագրական տարածք եղած է: Յատկապէս Լիբանանը՝ ասորի ինքնութիւն ունեցող երկիր մը եղած է, ինչպէս մարոնի քրիստոնեաները կ'որակեն իրենք զիրենք: Արաբ-իսլամական նուաճումներէ ետք, շրջանը աստիճանաբար կորսնցուց իր ազգային ինքնութիւնը: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ երկիրները կոչուեցան արաբական երկիրներ. եւ հողին տանուտէրերը վերածուեցան փոքրամասնութիւններու, պատերազմներու եւ արտագաղթի պատճառով:
Խալիֆայութիւններ ու իսլամական ամիրայութիւններ մերթընդմերթ գրաւեցին Լեռնալիբանանը եւ իշխանութեան վրայ եկողներու նկարագրին համաձայն տարբերեց քրիստոնեաներու տառապանքն ու հանգիստը:
Նոյն տագնապը կը շարունակուի մինչեւ ցայսօր, մանաւանդ քրիստոնեային ներկայութիւնը խաթարող արտագաղթի իրականութիւնը: Եւ որովհետեւ ճշգրիտ ախտաճանաչում չենք կատարեր, փոքրամասնութիւններ դարձած համայնքներու վերիվայրումներով լեցուն իրավիճակը կը շարունակուի:
Լուծումը այն պէտք է ըլլայ, որ միանգամ ընդմիշտ կանոն մը ճշդուի, ըստ որուն փոքրամասնութիւնները կարենան պաշտպանուիլ օրէնքով եւ ոչ քմահաճոյքներու համաձայն: Այս է միակ ձեւը խաղաղ եւ համերաշխ ապրելու, այսինքն փոխադարձ յարգանք հիմնուած օրէնքի եւ կանոնի վրայ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այլ տարբերակ չկայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ