Ինչպէ՞ս Տոկալ, Հաստատ Մնալ եւ Դիմադրել Ինչպէ՞ս Տոկալ, Հաստատ Մնալ եւ Դիմադրել 

Փոքրամասնութիւններու Մտավախութիւնը՝ Ինչպէ՞ս Տոկալ, Հաստատ Մնալ եւ Դիմադրել

Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ Խորհրդածութիւնը

Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւններու հարցը  կնճռոտ թեմա մըն է արծարծելու համար: Փոքրամասնութիւն կոչուած հաւաքականութիւնները ովքե՞ր են,  աւելին եւս՝  ինչպէ՞ս փոքրամասնութիւն դարձան:

Ի հարկէ փոքրամասնութիւններ կոչուած հաւաքականութիւններ քրիստոնեայ համայնքներն են: Քրիստոնեաներն ու արեւելքի մէջ իրենց ներկայութիւնը խրթին եւ ցաւալի պատմութիւն մը ունի կուտակած իր էջերուն մէջ: Բնական է, որ խաղաղ եւ բարգաւաճ ժամանակահատուածներ եղած են, բայց եւ այնպէս հալածանքի, ահուվախի ճգնաժամային ժամեր ալ արձանագրուած են: Ըսել՝ որ «1400 տարիներու խաղաղ կենակցութեան պատմութիւն ունեցած ենք միջին արեւելքի մէջ»,  իրականութիւններու ճշգրիտ նկարագրութիւնը չէ:

Լեռնալիբանանը, ինչպէս նաեւ միջին արեւելքի երկիրները, քրիստոնէաբնակ աշխարհագրական տարածք եղած է: Յատկապէս Լիբանանը՝ ասորի ինքնութիւն ունեցող երկիր մը եղած է, ինչպէս մարոնի քրիստոնեաները կ'որակեն իրենք զիրենք: Արաբ-իսլամական նուաճումներէ ետք, շրջանը աստիճանաբար կորսնցուց իր ազգային ինքնութիւնը: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ երկիրները կոչուեցան արաբական երկիրներ. եւ հողին տանուտէրերը վերածուեցան փոքրամասնութիւններու, պատերազմներու եւ արտագաղթի պատճառով:  

Խալիֆայութիւններ ու իսլամական ամիրայութիւններ մերթընդմերթ գրաւեցին Լեռնալիբանանը եւ իշխանութեան վրայ եկողներու նկարագրին համաձայն տարբերեց քրիստոնեաներու տառապանքն ու հանգիստը:

Նոյն տագնապը կը շարունակուի մինչեւ ցայսօր, մանաւանդ քրիստոնեային ներկայութիւնը խաթարող արտագաղթի իրականութիւնը: Եւ որովհետեւ ճշգրիտ ախտաճանաչում չենք կատարեր, փոքրամասնութիւններ դարձած համայնքներու վերիվայրումներով լեցուն իրավիճակը կը շարունակուի:

Լուծումը այն պէտք է ըլլայ, որ միանգամ ընդմիշտ կանոն մը ճշդուի, ըստ որուն փոքրամասնութիւնները կարենան պաշտպանուիլ օրէնքով եւ ոչ քմահաճոյքներու համաձայն: Այս է միակ ձեւը խաղաղ եւ համերաշխ ապրելու, այսինքն փոխադարձ յարգանք հիմնուած օրէնքի եւ կանոնի վրայ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այլ տարբերակ չկայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2021, 09:00