Որոնել

Հոգեգալուստ Հոգեգալուստ 

Պատրաստուիլ Հոգեգալուստի

Եկեղեցին կը պատրաստուի իր հաւատացեալներուն հետ Հոգեգալուստի տօնը յիշատակելու, որու միջոցաւ մենք կոչուած ենք անգամ մը եւս նորոգուելու, որպէսզի կարենանք ապրիլ մեր քրիստոնէութիւն եւ տարածել աշխարհին փրկութեան անուշաբոյրը:

Ըստ եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին, ներկայ ժամանակահատուածը յիսնաց կը կոչուի. մատնանշելով այն յիսուն օրերուն, որոնք կ'երկարին Ս. Յարութենէն տօնէն մինչեւ Հոգեգալուստ:

Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ՝ « լաւ է ձեզի համար, որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ ես չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի: Իսկ եթէ երթամ՝ զայն ձեզի պիտի ղրկեմ » (Յովհ. 16:7):

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սքանչելի է սիրոյ հաղորդակցութիւնը Ս. Երրորդութեան՝ Հօր, Որդոյն եւ Ս. Հոգւոյն միջեւ: Հաւատոյ հանգանակին մէջ կը նկատենք, որ Հայրը՝ 'Արարիչը երկնի եւ երկրի' ամէն փառքը Որդիին կու տայ: Հօր մասին արտայայտուած է միայն մի քանի տողերով, որմէ ետք կը գտնենք երկար բացատրութիւն մը Որդոյն մասին: Որդին իր կարգին ամէն փառք կը վերադարձնէ Հօր: Վերեւ նշուած աւետարանական հատուածին մէջ կը նկատենք, որ Տէր Յիսուս կ'ըսէ « աւելի լաւ է, որ ես երթամ...որպէսզի Ս. Հոգին գայ...»: Իսկ Ս. Հոգին երբ եկաւ, զՔրիստոս իրական դարձուց մեզի եւ իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, նմանելով Քրիստոսի: Այս սիրոյ հաղորդակցութիւն լաւագոյն օրինակն է, թէ մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, ինչպէս պէտք է ապրինք՝ ամէն բանի մէջ փառքը տալով Աստուծոյ, եւ երբեք չվարանիլ զիրար մեծարելէ Ս. Երրորդութեան օրինակին հետեւելով:

«Աւելի լաւ է, որ Ես երթամ...»:

Գործք Առաքելոց գրքին մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել, թէ Ս. Հոգին ինչ ըրաւ իր գալուստով: Եկեղեցւոյ հայրեր կարողացան Ս. Հոգիին մասին աստուածաբանութիւն կերտել, պարզապէս Անոր՝  Ս. Հոգիին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ունեցած յարաբերութեան նկատելով:

Այս յօդուածին նպատակը Ս. Հոգւոյն մասին լայնածաւալ սերտողութիւն մը կատարել չէ, որքան որ մեր այսօրեային խօսող դասեր դուրս բերել է:

1.   Ս. Հոգին մեզ Աստուծոյ Որդիներ Ըրաւ

Այնքան կարեւոր է այս ճշմարտութիւնը, զոր շատ յաճախ կը կրկնենք առանց անոր իմաստին  խորքը թափանցելու:

 «Ս. Հոգին կը միանայ մեր հոգիին, որպէսզի վկայէ՝ թէ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք»: 

Որպէս Աստուծոյ որդիներ, մենք ժառանգակից ենք Քրիստոսի (Հռոմ. 8:17): Եւ որպէս այդ մենք կոչուած ենք առաջնորդելու այս աշխարհը: Ըլլալու գլուխ եւ ոչ պոչ (Բ. Օր. 28:3): Ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մեր մեղքին պատճառով մենք թողած ենք մեր առաջնորդելու դերը եւ դարձած ենք հետեւորդներ: Քրիստոնեաներ ներկայիս ամէն ինչ կը կատարեն, որպէսզի ցոյց տան, թէ իրենք ''աշխարհի''ն նման են: Այլեւս ոչ գոյն ունին եւ ոչ իսկ հոտ: Նոյնիսկ պատրաստ չեն պատասխան տալու աշխարհին այն յոյսին մասին, զոր ունին( Ա. Պետ. 3:15): Ինչո՞ւ... Արդեօք Ս. Հոգին տրտմեցուցած ենք (Եփս. 4:30), եւ որպէս այդ կարողութիւն չունինք վկաներ ըլլալու:

Յարութեան տօնին առիթով զիրար կ'ողջունենք ըսելով՝ ''Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց եւ մենք վկաներ ենք այդ յարութեան'': Սակայն ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր վկայութիւնը:

2.   Ս. Հոգին մեզ Զօրութիւն կը Հագցնէ

«...Բայց դուք զօրութիւն պիտի հագնինք, երբ Ս. Հոգին իջնէ ձեր վրայ» ( Գործք 1:8): Այս զօրութիւնը կը տեսնենք առաքեալներու կեանքերէն ներս, երբ անոնք Ս. Հոգին ստացան: Վախկոտ աշակերտները զօրութիւն ստացան եւ համարձակօրէն սկսան քարոզել Քրիստոսը, նոյնիսկ իրենց կեանքերը զոհելու գնով:

Ներկայ աշխարհը իր սպառնալիքներով ամեհիօրէն կը հարուածէ մարդկութիւնը: Վախ ու սարսափ կը տարածէ ամէն դի: Մենք, որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք է մարդկութեան փոխանցենք Ս. Հոգիին զօրութիւնը եւ քաջութիւնը: Բայց ցաւալի իրականութիւնը այն է, թէ շատ յաճախ քրիստոնեաներն ալ կը կանգնին այլոց կողքին եւ իրենց հետ կու լանք եւ կ'ողբանք: Մենք ալ նման ուրիշներու կորսնցուցած ենք Ս, Հոգւոյն զօրութիւնը:

Աշխարհ առաւել քան երբեք կարիքը ունի Աւետարանի փրկութեան լուրին: Քրիստոս մեզի յանձնած է այդ առաքելութիւնը: Բայց մենք թողած ենք  աստուածային  պատուիրանը աւետարանելու ամբողջ աշխարհը, փոխարէն աշխարհը ինքն է, որ իր գաղափարախօսութեամբ կը ներմուծէ եկեղեցիէն ներս: Անդամալուծուած եւ անզօր քրիստոնէութիւն, որու միակ նպատակը ոչ ոք չնեղացնել:

Ս. Հոգիին զօրութեան կարիքը կայ ըլլալու համար աշխարի 'լոյսը եւ աղը':

3.   Ս. Հոգին Մեղքը կը Բացայայտէ

Քրիստոս եկաւ մարդկութիւնը փրկելու համար: Սակայն ի՞նչ բանէ փրկելու:

Ներկայիս փրկութեան աղաղակներ կը բարձրանան սխալ իմաստով: Օրինակ մը կ'ուզեմ յիշել. «Տէր» կ'ըսէր մէկը « ինչպէս որ աշխարհին յաղթեցիր, անգամ մը եւս յաղթէ եւ փրկէ մեզ մեր թշնամիներէն»: Արդարացի աղօթք է խնդրել Տիրոջմէ, որ մեզ ազատէ մեր թշնամիներէն: Բայց այս չի նշանակեր երկրորդ յաղթանակ կամ փրկութիւն՝ նման խաչի զոհաբերութեան եւ հրաշափառ յարութեան: Քրիստոնեաներ Քրիստոսէ փրկութիւն կը սպասեն, ինչպէս եբրայեցիք փրկութիւն կը սպասէին իրենց Մեսիայէն: Բայց Քրիստոսի փրկութիւնը մեղքէ եւ անոր հետեւանքը եղող մահէն ազատագրուիլ է:

Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մեղքի գաղափարը  աղաւաղուած է՝

·      Միասեռականութիւնը՝ ազատ կեանք ընտրութիւն կը կոչեն...

·      Սուտը՝ ճարպիկութիւն...

·      Պատերազմները՝ մարդկութեան աճը բարելաւելու միջոցներ...

·      Մօր արգանդին մէջ երեխաներու սպանութիւնը՝ մարդկային ազատութիւն...

Եւ ցանկը կ'երկարի:

Կարելի չէ նման մտածելակերպով մարդկութեան փրկել: Մարդկութեան առաջին թշնամին մեղքն է՝ այսինքն ապստամբութիւն Աստուծոյ կամքին դէմ, եւ փրկութիւնը Քրիստոսի մէջ է: Ուրիշ անուններով կոչել մեղքը, կ'ենթադրէ որ մարդկութիւնը չի կրնար ձերբազատուիլ անոնցմէ: Ս. Հոգին ինքն է, որ կրնայ մեզի բացայայտել մեր մեղքերը եւ զանոնք իրենց անուններով կոչել, եւ ապա զօրութիւն տալ զանոնք Քրիստոսի խաչին բերելու եւ ներում ստանալու:

Եկեղեցին կը պատրաստուի իր հաւատացեալներուն հետ Հոգեգալուստի տօնը յիշատակելու, որու միջոցաւ մենք կոչուած ենք անգամ մը եւս նորոգուելու, որպէսզի կարենանք ապրիլ մեր քրիստոնէութիւն եւ տարածել աշխարհին փրկութեան անուշաբոյրը: Կատարելու համար այս, պէտք ունինք ապաշխարհութեան՝ այսինքն մաքրուիլ մեր մեղքերէն Քրիստոսի գալով եւ խոստովանելով եւ «Ան հաւատարիմ եւ  արդար է,  պիտի ներէ մեր մեղքերը» (Ա. Յովհ. 1:9):

Ս. Կոյս Մարիամ, ինչպէս որ առաջին եկեղեցւոյ՝ աշակերտներուն մէջտեղն էր, ան նաեւ մեզի հետ է աղօթելու եւ բարեխօսելու մեզի համար, որպէսզի, Տիրոջ Ս. Հոգիի զօրութեամբ նմանինք Քրիստոսի եւ կարենանք մեր անձերը եւ մեր ընտանիքները փրկութեան առաջնորդել:

Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2021, 07:00