Պատրաստուիլ Հոգեգալուստի
Ըստ եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին, ներկայ ժամանակահատուածը յիսնաց կը կոչուի. մատնանշելով այն յիսուն օրերուն, որոնք կ'երկարին Ս. Յարութենէն տօնէն մինչեւ Հոգեգալուստ:
Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ՝ « լաւ է ձեզի համար, որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ ես չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի: Իսկ եթէ երթամ՝ զայն ձեզի պիտի ղրկեմ » (Յովհ. 16:7):
Սքանչելի է սիրոյ հաղորդակցութիւնը Ս. Երրորդութեան՝ Հօր, Որդոյն եւ Ս. Հոգւոյն միջեւ: Հաւատոյ հանգանակին մէջ կը նկատենք, որ Հայրը՝ 'Արարիչը երկնի եւ երկրի' ամէն փառքը Որդիին կու տայ: Հօր մասին արտայայտուած է միայն մի քանի տողերով, որմէ ետք կը գտնենք երկար բացատրութիւն մը Որդոյն մասին: Որդին իր կարգին ամէն փառք կը վերադարձնէ Հօր: Վերեւ նշուած աւետարանական հատուածին մէջ կը նկատենք, որ Տէր Յիսուս կ'ըսէ « աւելի լաւ է, որ ես երթամ...որպէսզի Ս. Հոգին գայ...»: Իսկ Ս. Հոգին երբ եկաւ, զՔրիստոս իրական դարձուց մեզի եւ իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, նմանելով Քրիստոսի: Այս սիրոյ հաղորդակցութիւն լաւագոյն օրինակն է, թէ մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, ինչպէս պէտք է ապրինք՝ ամէն բանի մէջ փառքը տալով Աստուծոյ, եւ երբեք չվարանիլ զիրար մեծարելէ Ս. Երրորդութեան օրինակին հետեւելով:
«Աւելի լաւ է, որ Ես երթամ...»:
Գործք Առաքելոց գրքին մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել, թէ Ս. Հոգին ինչ ըրաւ իր գալուստով: Եկեղեցւոյ հայրեր կարողացան Ս. Հոգիին մասին աստուածաբանութիւն կերտել, պարզապէս Անոր՝ Ս. Հոգիին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ունեցած յարաբերութեան նկատելով:
Այս յօդուածին նպատակը Ս. Հոգւոյն մասին լայնածաւալ սերտողութիւն մը կատարել չէ, որքան որ մեր այսօրեային խօսող դասեր դուրս բերել է:
1. Ս. Հոգին մեզ Աստուծոյ Որդիներ Ըրաւ
Այնքան կարեւոր է այս ճշմարտութիւնը, զոր շատ յաճախ կը կրկնենք առանց անոր իմաստին խորքը թափանցելու:
«Ս. Հոգին կը միանայ մեր հոգիին, որպէսզի վկայէ՝ թէ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք»:
Որպէս Աստուծոյ որդիներ, մենք ժառանգակից ենք Քրիստոսի (Հռոմ. 8:17): Եւ որպէս այդ մենք կոչուած ենք առաջնորդելու այս աշխարհը: Ըլլալու գլուխ եւ ոչ պոչ (Բ. Օր. 28:3): Ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մեր մեղքին պատճառով մենք թողած ենք մեր առաջնորդելու դերը եւ դարձած ենք հետեւորդներ: Քրիստոնեաներ ներկայիս ամէն ինչ կը կատարեն, որպէսզի ցոյց տան, թէ իրենք ''աշխարհի''ն նման են: Այլեւս ոչ գոյն ունին եւ ոչ իսկ հոտ: Նոյնիսկ պատրաստ չեն պատասխան տալու աշխարհին այն յոյսին մասին, զոր ունին( Ա. Պետ. 3:15): Ինչո՞ւ... Արդեօք Ս. Հոգին տրտմեցուցած ենք (Եփս. 4:30), եւ որպէս այդ կարողութիւն չունինք վկաներ ըլլալու:
Յարութեան տօնին առիթով զիրար կ'ողջունենք ըսելով՝ ''Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց եւ մենք վկաներ ենք այդ յարութեան'': Սակայն ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր վկայութիւնը:
2. Ս. Հոգին մեզ Զօրութիւն կը Հագցնէ
«...Բայց դուք զօրութիւն պիտի հագնինք, երբ Ս. Հոգին իջնէ ձեր վրայ» ( Գործք 1:8): Այս զօրութիւնը կը տեսնենք առաքեալներու կեանքերէն ներս, երբ անոնք Ս. Հոգին ստացան: Վախկոտ աշակերտները զօրութիւն ստացան եւ համարձակօրէն սկսան քարոզել Քրիստոսը, նոյնիսկ իրենց կեանքերը զոհելու գնով:
Ներկայ աշխարհը իր սպառնալիքներով ամեհիօրէն կը հարուածէ մարդկութիւնը: Վախ ու սարսափ կը տարածէ ամէն դի: Մենք, որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք է մարդկութեան փոխանցենք Ս. Հոգիին զօրութիւնը եւ քաջութիւնը: Բայց ցաւալի իրականութիւնը այն է, թէ շատ յաճախ քրիստոնեաներն ալ կը կանգնին այլոց կողքին եւ իրենց հետ կու լանք եւ կ'ողբանք: Մենք ալ նման ուրիշներու կորսնցուցած ենք Ս, Հոգւոյն զօրութիւնը:
Աշխարհ առաւել քան երբեք կարիքը ունի Աւետարանի փրկութեան լուրին: Քրիստոս մեզի յանձնած է այդ առաքելութիւնը: Բայց մենք թողած ենք աստուածային պատուիրանը աւետարանելու ամբողջ աշխարհը, փոխարէն աշխարհը ինքն է, որ իր գաղափարախօսութեամբ կը ներմուծէ եկեղեցիէն ներս: Անդամալուծուած եւ անզօր քրիստոնէութիւն, որու միակ նպատակը ոչ ոք չնեղացնել:
Ս. Հոգիին զօրութեան կարիքը կայ ըլլալու համար աշխարի 'լոյսը եւ աղը':
3. Ս. Հոգին Մեղքը կը Բացայայտէ
Քրիստոս եկաւ մարդկութիւնը փրկելու համար: Սակայն ի՞նչ բանէ փրկելու:
Ներկայիս փրկութեան աղաղակներ կը բարձրանան սխալ իմաստով: Օրինակ մը կ'ուզեմ յիշել. «Տէր» կ'ըսէր մէկը « ինչպէս որ աշխարհին յաղթեցիր, անգամ մը եւս յաղթէ եւ փրկէ մեզ մեր թշնամիներէն»: Արդարացի աղօթք է խնդրել Տիրոջմէ, որ մեզ ազատէ մեր թշնամիներէն: Բայց այս չի նշանակեր երկրորդ յաղթանակ կամ փրկութիւն՝ նման խաչի զոհաբերութեան եւ հրաշափառ յարութեան: Քրիստոնեաներ Քրիստոսէ փրկութիւն կը սպասեն, ինչպէս եբրայեցիք փրկութիւն կը սպասէին իրենց Մեսիայէն: Բայց Քրիստոսի փրկութիւնը մեղքէ եւ անոր հետեւանքը եղող մահէն ազատագրուիլ է:
Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մեղքի գաղափարը աղաւաղուած է՝
· Միասեռականութիւնը՝ ազատ կեանք ընտրութիւն կը կոչեն...
· Սուտը՝ ճարպիկութիւն...
· Պատերազմները՝ մարդկութեան աճը բարելաւելու միջոցներ...
· Մօր արգանդին մէջ երեխաներու սպանութիւնը՝ մարդկային ազատութիւն...
Եւ ցանկը կ'երկարի:
Կարելի չէ նման մտածելակերպով մարդկութեան փրկել: Մարդկութեան առաջին թշնամին մեղքն է՝ այսինքն ապստամբութիւն Աստուծոյ կամքին դէմ, եւ փրկութիւնը Քրիստոսի մէջ է: Ուրիշ անուններով կոչել մեղքը, կ'ենթադրէ որ մարդկութիւնը չի կրնար ձերբազատուիլ անոնցմէ: Ս. Հոգին ինքն է, որ կրնայ մեզի բացայայտել մեր մեղքերը եւ զանոնք իրենց անուններով կոչել, եւ ապա զօրութիւն տալ զանոնք Քրիստոսի խաչին բերելու եւ ներում ստանալու:
Եկեղեցին կը պատրաստուի իր հաւատացեալներուն հետ Հոգեգալուստի տօնը յիշատակելու, որու միջոցաւ մենք կոչուած ենք անգամ մը եւս նորոգուելու, որպէսզի կարենանք ապրիլ մեր քրիստոնէութիւն եւ տարածել աշխարհին փրկութեան անուշաբոյրը: Կատարելու համար այս, պէտք ունինք ապաշխարհութեան՝ այսինքն մաքրուիլ մեր մեղքերէն Քրիստոսի գալով եւ խոստովանելով եւ «Ան հաւատարիմ եւ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը» (Ա. Յովհ. 1:9):
Ս. Կոյս Մարիամ, ինչպէս որ առաջին եկեղեցւոյ՝ աշակերտներուն մէջտեղն էր, ան նաեւ մեզի հետ է աղօթելու եւ բարեխօսելու մեզի համար, որպէսզի, Տիրոջ Ս. Հոգիի զօրութեամբ նմանինք Քրիստոսի եւ կարենանք մեր անձերը եւ մեր ընտանիքները փրկութեան առաջնորդել:
Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ