Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ։  

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ։

Յիսուս մեզի կը յայտնէ թէ ինչ պէտք է ընել. Ամէնէն առաջ «մնալ իր սիրոյն մէջ»։ Հարկաւոր է առ այդ աւելիով ամրացնել մեր անձնական կապը Անոր հետ, Անոր յանձնել մեր կեանքը, հաւատալ Անոր ողորմութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնեայ աշխարհը` ամէն տարի, Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի։ Սոյն սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնս եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոն, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են այս աւանդութեան որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձի համար։

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝  18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը 25 Յունուարին։

2021 տարուայ համար, որպէս աղօթքի միութեան շաբթուայ խորհրդածութեան նիւթ եւ բնաբան ընտրուեցան Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք»  խօսքը:

«Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը։ Ո՛վ որ մէջս հաստատուած է եւ ես անոր մէջ` այնպիսին շատ պտուղ կը բերէ. որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել։  Եթէ մէկը իմ մէջս հաստատուած չըլլայ, ճիւղին նման դուրս կը նետուի ու կը չորնայ, եւ յետոյ կը ժողվեն զայն, կրակ կը նետեն ու կ՛այրի։  Եթէ դուք իմ մէջս հաստատուիք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ, ինչ որ ուզէք` խնդրեցէք, պիտի տրուի ձեզի։  Ասով կը փառաւորուի Հայրս, որ դուք առատ պտուղ բերէք, եւ իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի. հաստատուն կեցէք իմ սիրոյս մէջ»(Յովհ. 15, 5 – 9)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2021, 07:28