Որոնել

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը միասին (Պարի 2020) Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը միասին (Պարի 2020) 

18 – 25 Յունուար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ։ «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք» (Յովհ. 15, 5 – 9)։

Յիսուս մեզի կը յայտնէ թէ ինչ պէտք է ընել. Ամէնէն առաջ «մնալ իր սիրոյն մէջ»։ Հարկաւոր է առ այդ աւելիով ամրացնել մեր անձնական կապը Անոր հետ, Անոր յանձնել մեր կեանքը, հաւատալ Անոր ողորմութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն  տարի զանազան Եկեղեցիներու պատկանող քրիստոնեաները յատուկ ժամանակ կը նուիրեն միասնական աղօթքին՝ Հօրմէն հայցելու համար միութեան պարգեւը, Յիսուսին կամքին համաձայն ։

Ան արդարեւ կ՛ուզէ «որ աշխարհը հաւատայ» (Յովհ 17,21), միութեամբ է որ կարելի է փոխել աշխարհը։ Միութեամբ կը ստեղծուին հաղորդութիւն, եղբայրութիւն եւ զօրակցութիւն։ Միութիւնը Աստուծմէ պարգեւ մըն է եւ ասոր համար հարկաւոր է զայն հայցել Հօրմէն պնդումով եւ վստահութեամբ։

«Մնացէք իմ սիրոյս մէջս, շատ պտուղ կու տաք»։

2021 տարուայ համար, որպէս աղօթքի միութեան շաբթուայ խորհրդածութեան նիւթ եւ բնաբան ընտրուեցան Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք»  խօսքը (Յովհ. 15, 5 – 9)։

«Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը։ Ո՛վ որ մէջս հաստատուած է եւ ես անոր մէջ` այնպիսին շատ պտուղ կը բերէ. որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել։  Եթէ մէկը իմ մէջս հաստատուած չըլլայ, ճիւղին նման դուրս կը նետուի ու կը չորնայ, եւ յետոյ կը ժողվեն զայն, կրակ կը նետեն ու կþայրի։  Եթէ դուք իմ մէջս հաստատուիք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ, ինչ որ ուզէք` խնդրեցէք, պիտի տրուի ձեզի։  Ասով կը փառաւորուի Հայրս, որ դուք առատ պտուղ բերէք, եւ իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի. հաստատուն կեցէք իմ սիրոյս մէջ»։

Բաժանումները ծանր վէրք են։

Ասիկա հրատապ հրաւէր է այդ յատուկ օրերուն ընթացքին ապրելու եւ գործելու քրիստոնեաներու միութեան համար, ու այս մէկը շարունակելու նաեւ տարւոյն եւ համայն կեանքին երկարութեամբ։ Մեր բաժանումները արդարեւ ծանր վէրք մըն են, որ կարիքը ունի դարմանի եւ այդ դարմանը  նախ եւ առաջ կը կատարուի Աստուծոյ ողորմութեամբ, ապա մեր յանձնառումով՝  իրարու ծանօթանալու եւ զիրար ճանչնալու, յարգելու զիրար եւ միասնաբար վկայելու Աւետարանը։

Յիսուս մեզի կը յայտնէ թէ ինչ պէտք է ընել. Ամէնէն  առաջ «մնալ իր սիրոյն մէջ»։  Հարկաւոր է առ այդ աւելիով ամրացնել մեր անձնական կապը Անոր հետ, Անոր յանձնել մեր կեանքը, հաւատալ Անոր ողորմութեան։

Կեանքը դարձնել պարգեւ Հօր Աստուծոյ։

Տէրը  միաժամանակ մեզ կը կոչէ վճռակամութեամբ հետեւելու Իրեն, որպէսզի իրեն նման մեր կեանքը դարձնենք պարգեւ Հօր Աստուծոյ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը ամէն տարի կը նշուի 18 – 25 Յունուարին։ Երկու յատուկ եւ կարեւոր  թուականներ որոնցմէ առաջինը  18 յունուարը   Սուրբ Պետրոսի գահին  տօնին օրն է,  իսկ 25 Յունուարը տօնն է Սուրբ Պօղոսի դարձին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2021, 09:19