Սահմանափակուած սենեակիս մէջ, յառաջիկայ տօնական օրերու քարոզներս պատրաստելու համար՝ դժուարութիւն ունէի հաւատացեալներուն համար սրտապնդիչ խօսքեր գտնելու:
Արդարեւ, այս աննախադէպ ժամանակաշրջանին, քրիստոնեաներուն հաւատքը սասանած է բազմաթիւ սրտաբեկ իրադարձութիւններով, հակառակ Տիրոջ հրեշտակին բերած բարի լուրին Ս. Ծննդեան տարեդարձին. «Կ'աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնաւ ձեզի Փրկիչ մը, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2, 10-11):
Պահ մը աչքէ կ'անցընեմ վերջերս պատահած դէպքերը:
Առաջին հերթին, ուրախութեամբ համակուելու առիթ չեմ տեսներ:
Հերիք է հայեացք մը նետել երկրագունդի տարածքին պատահած չնախատեսուած տխուր անցուդարձերուն վրայ, իրազեկ ըլլալու համար այդ խռովայոյզ իրականութեան. ամէնուրեք սահմանափակում, վախ, սուգ, բարոյալքում, ահաբեկչութիւն, պատերազմ, դաւաճանութիւն...
Ո՞ւր է Սուրբ Ծննդեան ժողովուրդին խոստացուած այդ ուրախութիւնը, որուն հրեշտակը կ'ակնարկէ:
Մի՞թէ կարելի է ուրախութիւն զգալ երբ միլիոնաւոր մարդիկ զոհ են «Քորոնա» ժահրի անողոք համաճարակին, երբ վարակուելու վախէն՝ տունէն ներս մեկուսացած կ'ապրինք, երբ զրկուած ենք մեր սիրելիները տեսնելէ, անոնց ժպիտը վայելելէ, զանոնք ողջագուրելէ եւ ի վերջոյ...
բնականոն կեանք ապրելէ:
Մի՞թէ կարելի է ուրախ ըլլալ երբ հաւատացեալները զրկուած են կարելիութենէն՝
- Սուրբ Պատարագին մասնակցելու.
- Սուրբ Հաղորդութեամբ սնանելու.
- Եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու.
- Կենարար Խորհուրդներով մխիթարուելու,
- Եւ հաւաքական աղօթքներ առ Աստուած բարձրացնելու:
Մի՞թէ կարելի է ուրախանալ երբ մեր Հայրենիքը ճգնաժամային տագնապ կ'ապրի, երբ մեր հայրենակից երիտասարդները կը նահատակուին, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուած է, երբ Արցախի ժողովուրդը անիրաւուած, դաւաճանուած է եւ անտեսուած՝ Հզօր Պետութիւններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն:
Կը փորձուիմ, թէեւ խոր ակնածանքով, Յիսուսի հարցնելու ինչ որ Յովհաննէսի աշակերտները օր մը Իրեն ուղղղած էին. «Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք (Մատթէոս 11, 3): Ըսել կ'ուզեմ. «Դուն անիկա
ես , որ մեզի ուրախութիւն պիտի բերէիր, թէ ուրիշի մը սպասենք»:
Այս հարցումին վրայ, դիմեցի Աւետարանին, ուր կրցայ գտնել Յիսուսի պատասխանը.
«Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ'առաջնորդէ» (Յովհաննէս 8, 12).
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ'ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհի» ( Յովհաննէս 16, 33).
« Ցնծացէ'ք եւ ուրախացէ'ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ» (Մատթէոս 5, 12):
Ան մեզի սաղմոսերգուին բերնով կ'ըսէ. «Օգնութեան կանչէ զիս՝ երբոր նեղութեան մէջ ես, եւ քեզի պիտի ազատեմ» (Սաղմոս 50 [49], 15):
Կոչուած ենք յոյսով ուրախ եւ համբերատար ըլլալու նեղութիւններուն ժամանակ, յարատեւ աղօթելով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեացիներ 12,2): Առ այդ, ուրախանանք Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեցիներ 5,2):
Պօղոս Առաքեալ յստակօրէն կ'ըսէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ'ըսեմ ուրախ եղէք» (Փիլիպեցիներ 4,4):
Իսկ երբ մեր հաւատքը ամուր է ժայռի նման, կրնանք ըսել, նոյնիսկ անձկութիւններուն ժամանակ.«Ահա թէ ինչո'ւ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ'արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի» (Առաքեալներու Գործեր 2, 26):
Հետեւաբար, յոյսին վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզ թող մղէ ուրախութեան մէջ ըլլալու ամէն պարագային, նոյն իսկ տառապանքի պահերուն: