«Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք» «Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք» 

«Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք» (Մատթէոս 11, 3)։ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Յոյսին վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզ թող մղէ ուրախութեան մէջ ըլլալու ամէն պարագային, նոյն իսկ տառապանքի պահերուն
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սահմանափակուած սենեակիս մէջ, յառաջիկայ տօնական օրերու քարոզներս պատրաստելու համար՝ դժուարութիւն ունէի հաւատացեալներուն համար սրտապնդիչ խօսքեր գտնելու:

 Արդարեւ, այս աննախադէպ ժամանակաշրջանին, քրիստոնեաներուն հաւատքը սասանած է բազմաթիւ սրտաբեկ իրադարձութիւններով, հակառակ Տիրոջ հրեշտակին բերած բարի լուրին Ս. Ծննդեան տարեդարձին. «Կ'աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնաւ ձեզի Փրկիչ մը, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2, 10-11):

Պահ մը աչքէ կ'անցընեմ վերջերս պատահած դէպքերը:

Առաջին հերթին, ուրախութեամբ համակուելու առիթ չեմ տեսներ:

Հերիք է հայեացք մը նետել երկրագունդի տարածքին պատահած չնախատեսուած տխուր անցուդարձերուն վրայ, իրազեկ ըլլալու համար այդ խռովայոյզ  իրականութեան. ամէնուրեք սահմանափակում, վախ, սուգ, բարոյալքում, ահաբեկչութիւն, պատերազմ, դաւաճանութիւն...

Ո՞ւր է Սուրբ Ծննդեան ժողովուրդին խոստացուած այդ ուրախութիւնը, որուն հրեշտակը կ'ակնարկէ:

Մի՞թէ  կարելի է ուրախութիւն զգալ երբ միլիոնաւոր մարդիկ զոհ են «Քորոնա» ժահրի անողոք համաճարակին, երբ վարակուելու վախէն՝ տունէն ներս մեկուսացած կ'ապրինք, երբ զրկուած ենք մեր սիրելիները տեսնելէ, անոնց ժպիտը վայելելէ, զանոնք ողջագուրելէ եւ ի վերջոյ...

 բնականոն կեանք ապրելէ:

Մի՞թէ կարելի է ուրախ ըլլալ երբ հաւատացեալները զրկուած են կարելիութենէն՝

- Սուրբ Պատարագին մասնակցելու.

- Սուրբ Հաղորդութեամբ սնանելու.

- Եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու.

- Կենարար Խորհուրդներով մխիթարուելու,

- Եւ հաւաքական աղօթքներ առ Աստուած բարձրացնելու:

Մի՞թէ կարելի է ուրախանալ երբ մեր Հայրենիքը ճգնաժամային տագնապ կ'ապրի, երբ մեր հայրենակից երիտասարդները կը նահատակուին, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուած է, երբ Արցախի ժողովուրդը անիրաւուած, դաւաճանուած է եւ անտեսուած՝ Հզօր Պետութիւններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն:

Կը փորձուիմ, թէեւ խոր ակնածանքով, Յիսուսի հարցնելու ինչ որ Յովհաննէսի աշակերտները օր մը Իրեն ուղղղած էին. «Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք  (Մատթէոս 11, 3): Ըսել կ'ուզեմ. «Դուն անիկա
 ես , որ մեզի ուրախութիւն պիտի բերէիր, թէ ուրիշի մը սպասենք
»:

Այս հարցումին վրայ, դիմեցի Աւետարանին, ուր կրցայ գտնել Յիսուսի պատասխանը.

«Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ  ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ'առաջնորդէ» (Յովհաննէս 8, 12).

 

«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ'ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհի» ( Յովհաննէս 16, 33).

« Ցնծացէ'ք եւ ուրախացէ'ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ» (Մատթէոս 5, 12):

Ան մեզի սաղմոսերգուին բերնով կ'ըսէ. «Օգնութեան կանչէ զիս՝ երբոր նեղութեան մէջ ես, եւ քեզի պիտի ազատեմ» (Սաղմոս 50 [49], 15):

Կոչուած ենք յոյսով ուրախ եւ համբերատար ըլլալու նեղութիւններուն ժամանակ, յարատեւ աղօթելով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեացիներ 12,2): Առ այդ, ուրախանանք Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեցիներ 5,2):

Պօղոս Առաքեալ յստակօրէն կ'ըսէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ'ըսեմ ուրախ եղէք» (Փիլիպեցիներ 4,4):

Իսկ երբ մեր հաւատքը ամուր է ժայռի նման, կրնանք ըսել, նոյնիսկ անձկութիւններուն ժամանակ.«Ահա թէ ինչո'ւ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ'արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի» (Առաքեալներու Գործեր 2, 26):

Հետեւաբար, յոյսին վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզ թող մղէ ուրախութեան մէջ ըլլալու ամէն պարագային, նոյն իսկ տառապանքի պահերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 07:29