Նոյեմբեր 22-ին հայկական եկեղեցիներուն մէջ զոհուածներու յիշատակի արարողութիւն պիտի իրականացուի
Արցախի պաշտպանութեան հերոսներու յիշատակի սուրբ Պատարագը, Հռոմի մէջ պիտի մատուցուի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանէն ներս, կիրակի 22 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին։
Նոյեմբեր 22-ին հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւն:
Հռոմի մէջ եւս՝ Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանէն ներս, կիրակի 22 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ հոգեհանգստեան պաշօնը ի հոգւոցն հանգստեան Արցախի անմոռնալի հերոս նահատակ զինուորներուն։ Պատարագը պիտի գլխաւորէ Լեւոնեան Ք Վարժարանի մեծաւորը՝ Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ Նաամոյան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ յիշատակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագէն ետք՝ ժամը 13։30-ին, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ։
20/11/2020, 07:15