Նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայկական կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանին մէջ վերջերս յայտնաբերուեցաւ 5000 տարեկան սուր մը, շնորհիւ հնագոյն սպառազինութիւններու փորձագէտ՝ իտալացի Վիթորիա Տելլարմելլինոյի հետազօտական աշխատանքին։
Սոյն յայտնաբերման մասին Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզին վկայութիւն փոխանցեց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Սերոբ Վրդ. Ճամուրլեանը։
Յայտնենք թէ Տելլարմելլինոյի համաձայն սուրը աշխարհի ամենահին սուրերէն է` պատրաստուած մօտաւորապէս մ.թ.ա. 3000 թուականին: