Padre_Serafino_e_Vittoria_Dall_Armellina.jpg

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ 5000 տարուայ դաշոյնի յայտնաբերման մասին Հայր Սերոբ Ճամուրլեանի վկայութիւնը։

Սուրը համարուած է աշխարհի ամենահին սուրերէն` պատրաստուած մօտաւորապէս մ.թ.ա. 3000 թուականին:

Նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայկական կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանին մէջ  վերջերս յայտնաբերուեցաւ 5000 տարեկան սուր մը, շնորհիւ  հնագոյն սպառազինութիւններու փորձագէտ՝ իտալացի Վիթորիա Տելլարմելլինոյի հետազօտական աշխատանքին։

Սոյն յայտնաբերման մասին Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզին վկայութիւն փոխանցեց  Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Սերոբ Վրդ. Ճամուրլեանը։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ Տելլարմելլինոյի համաձայն սուրը աշխարհի ամենահին սուրերէն է` պատրաստուած մօտաւորապէս մ.թ.ա. 3000 թուականին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 10:41