Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը Քորոնա ժահրի համաճարակի մասին։
«Քորոնա» ժահրը՝ մերօրեայ թշնամին
Պսակաձեւ տեսքով Անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը,
Անսպասելիօրէն, Սառնասրտօրէն, Դաւադրաբար, Անխտրաբար, Ցայժմ հազարաւորներ զգետնեց, սպաննեց:
Ապտակեց երկրագունտի երեսը, Ծունկի բերաւ աշխարհի հզօրները, Շփոթութեան մատնեց գիտնականները:
Անհանգստացուց կառավարութիւնները, Հալածեց առողջները, Հետապնդեց ճամբորդները, Սպրդեցաւ տուներէն ներս, Մէկուսացուց ընտանիքի անդամները:
Մարդիկը վախցուց, Խուճապի մատնեց, Սպառնաց:
Ժահր մը մանր ու աննշան, Աչքին անտեսանելի, Գիտարուեստականացած, Յառաջացած, Լուսինն ու մոլորակները նուաճած, Կործանարար զէնքեր յղացած՝ Մարդկութեան ճակատէն զարկաւ:
Ժողովուրդը դիմակաւորուեցաւ, Սննդեղէնի պակասէն սարսափեցաւ, Շուկաները վազեց, Իրար հրմշտկեց, Ուտելիք ամբարեց, Անորոշ ապագային համար մթերեց, Խանութները պարպեց:
Այնուհետեւ,
Երիտասարդներ թէ տարեցներ, Մտահոգ ու լեղապատառ Ախտազերծուելու կը տքնին,
Իրարմէ կը զգուշանան, Հեռաւորութիւն կը պահեն, Ձեռնուելէն ու համբուրուելէն կը խուսափին, Իրար նշանացի կ'ողջունեն:
Եւ արդ
Մենք բոլորս, Ճարահատ ու յուսաբեկ՝ Աստուծոյ կը դիմենք Պաշպանութիւն կը հայցենք, Բարեպաշտօրէն կ'աղերսենք, Շուտափոյթ օգնութիւն, Համաճարակէն ազատում, Վարակուածներուն բժշկութիւն:
Հուսկ,
Գիտակցելով մեր մարդկային անկարողութեան՝ Մեզմէ վտարելու այս ախտի սատանան, Փորձե'նք զայն յաղթահարել, -Ապաշխարութեամբ, զի «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15): -Ծոմապահութեամբ, զի «Մարդ միայն հացով չ'ապրիր...» (Մատթէոս 4, 4): -Աղօթքով, զի «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մատթէոս 21, 22):
Ուստի, խոնարհ սրտով աղաչենք.
Աստուածածնին բ արեխօսութեամ բ « Փարատեա' զցաւս եւ բժշկեա ' զհիւանդութիւնս ի ժողովրդենէ քումմէ , Տէր Աստուած մեր , եւ շնորհեա' ամենեցուն զկատարեալ առողջութիւն , նշանաւ ամենայաղթ խաչիւ քով , որով բարձեր զտկարութիւն ազգի մարդկան եւ դատապարտեցեր զթշնամին կենաց եւ փրկութեան մերոյ » :
Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան
Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ