Պսակաձեւ տեսքով անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը Պսակաձեւ տեսքով անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը 

Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը Քորոնա ժահրի համաճարակի մասին։

Գիտակցելով մեր մարդկային անկարողութեան՝ Մեզմէ վտարելու այս ախտի սատանան, Փորձե'նք զայն յաղթահարել, -Ապաշխարութեամբ, զի «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15): -Ծոմապահութեամբ, զի «Մարդ միայն հացով չ'ապրիր...» (Մատթէոս 4, 4):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Քորոնա» ժահրը՝ մերօրեայ թշնամին

Պսակաձեւ տեսքով Անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը,

Անսպասելիօրէն, Սառնասրտօրէն, Դաւադրաբար, Անխտրաբար, Ցայժմ հազարաւորներ զգետնեց, սպաննեց:

Ապտակեց երկրագունտի երեսը, Ծունկի բերաւ աշխարհի հզօրները, Շփոթութեան մատնեց գիտնականները:

Անհանգստացուց կառավարութիւնները, Հալածեց առողջները, Հետապնդեց  ճամբորդները, Սպրդեցաւ տուներէն ներս, Մէկուսացուց ընտանիքի անդամները:

Մարդիկը վախցուց, Խուճապի մատնեց, Սպառնաց:

Ժահր մը մանր ու աննշան, Աչքին անտեսանելի, Գիտարուեստականացած, Յառաջացած, Լուսինն ու մոլորակները նուաճած, Կործանարար զէնքեր յղացած՝ Մարդկութեան ճակատէն զարկաւ:

Ժողովուրդը դիմակաւորուեցաւ, Սննդեղէնի պակասէն սարսափեցաւ, Շուկաները վազեց, Իրար հրմշտկեց, Ուտելիք ամբարեց, Անորոշ ապագային համար մթերեց, Խանութները պարպեց:

Այնուհետեւ,

Երիտասարդներ թէ տարեցներ, Մտահոգ ու լեղապատառ Ախտազերծուելու կը տքնին,

Իրարմէ կը զգուշանան, Հեռաւորութիւն կը պահեն, Ձեռնուելէն ու համբուրուելէն կը խուսափին, Իրար նշանացի կ'ողջունեն:

Եւ  արդ

Մենք բոլորս, Ճարահատ ու յուսաբեկ՝ Աստուծոյ կը դիմենք Պաշպանութիւն կը հայցենք, Բարեպաշտօրէն կ'աղերսենք, Շուտափոյթ օգնութիւն, Համաճարակէն ազատում, Վարակուածներուն բժշկութիւն:

Հուսկ,

Գիտակցելով մեր մարդկային անկարողութեան՝ Մեզմէ վտարելու այս ախտի սատանան, Փորձե'նք զայն յաղթահարել, -Ապաշխարութեամբ, զի «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15): -Ծոմապահութեամբ, զի «Մարդ միայն հացով չ'ապրիր...» (Մատթէոս 4, 4): -Աղօթքով, զի «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մատթէոս  21, 22):

Ուստի, խոնարհ սրտով աղաչենք.

Աստուածածնին բ արեխօսութեամ բ « Փարատեա' զցաւս եւ բժշկեա ' զհիւանդութիւնս ի ժողովրդենէ քումմէ , Տէր Աստուած մեր , եւ շնորհեա' ամենեցուն զկատարեալ առողջութիւն , նշանաւ ամենայաղթ խաչիւ քով , որով բարձեր զտկարութիւն ազգի մարդկան եւ դատապարտեցեր զթշնամին կենաց եւ փրկութեան մերոյ » : 

Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան

Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 09:27