Որոնել

Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Վերջ գտաւ Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն սինոդը: Խրախուսել եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներուն ներկայութիւնը:

2020 թուականին երիտասարդներուն համաժողով, 2022ին աշխարականներուն հանդիպում:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւարտած է իրաքի մէջ քաղդէացիներու եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն 3-10 օգոստոս 2019-ին գումարած սինոդը, նախագահութեամբ Քաղդէացիներու կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքին:

Ունկնդրէ լուրը

Սինոդի աւարտին յղած կոչին մէջ կարդինալ Սաքօ հրաւէր ուղղած  է զարկ տալու քրիստոնեաներուն միջեւ միութեան աշխատանքներուն՝ երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ կամուրջներ դառնալու, տարբեր ցեղերու եւ խումբերուն միջեւ,  խթանելու համար համակեցութիւնը եւ նպաստելու՝ ազգին ու քաղաքայիններուն բարիքը:

Քաղդէացիներուն Պատրքիարքը յորդորած է ՝ըլլայ իրաքի, ըլլայ արտասահմանի քաղդէացի հաւատացեալները զօրացնելու իրենց քաղդէական ինքնութիւնը, զարգագնելով իրենց մայրենի լեզուն ու ծէսը, ինչպէս նեաւ հետեւելով իրենց հաւատքին եւ քրիստոնէական բարոյական սկզբունքներուն ՝կառչած մնալով եկեղեցւոյ ու ազգին:

Պատրիարքը կոչ ուղղած է նաեւ երաշխաւորելու ընտանիքներուն տուն վերադարձը,  որոնցմէ շատեր կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ:

Ան ապա  դարձեալ վերանորոգած է Իրաքի եկեղեցւոյ հրաւէրը՝ Պետութեան հասցէին պաշտպանելու քրիստոնեաներուն իրաւունքները, մեկնելով քրիստոնեաներուն պետական հաստատութիւններուն մէջ արդար ներկայութենէն:

Ինչ կը հայի  քաղդէացի եկեղեցւոյ ապագային  եպիսկոպոսները սինոդի ընթացքին  անհրաժեշտ նկատած են  հաւատացեալներուն քաղդէական ինքնութեան ամրապնդումը զարգացնելով լեզուն  ու ծէսը:  Որոշած են   2020 թուականին  կազմակերպել երիտասարդներուն համաժողով, ապա 2022՝  աշխարականներուն հանդիպում:

Նշենք, որ Քաղդէացիներուն եպիսկոպոսներուն սինոդին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարի զանազան երկիրներէն քաղդէացի եպիսկոպոսներ, որոնք սինոդի սկիզբը,  երախտագիտական  նամակ մը յղեցին ֆրանչիսկոս Պապին,  իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Սրբազան Պապին: Նամակին մէջ եպիսկոպոսները մաղթած են, որ ֆրանչիսկոս Պապ 2020 թուականին կարենայ  Իրաք  այցելել

Յայտնենք նաեւ քաղդէացիներուն եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն սինոդին  առաջին անգամուան համար իրենց մասնակցութիւնը  բերին աշխարականներ՝ ներառեալ երեք կիներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2019, 13:09