Վերջ գտաւ Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն սինոդը: Խրախուսել եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներուն ներկայութիւնը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աւարտած է իրաքի մէջ քաղդէացիներու եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն 3-10 օգոստոս 2019-ին գումարած սինոդը, նախագահութեամբ Քաղդէացիներու կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքին:
Սինոդի աւարտին յղած կոչին մէջ կարդինալ Սաքօ հրաւէր ուղղած է զարկ տալու քրիստոնեաներուն միջեւ միութեան աշխատանքներուն՝ երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ կամուրջներ դառնալու, տարբեր ցեղերու եւ խումբերուն միջեւ, խթանելու համար համակեցութիւնը եւ նպաստելու՝ ազգին ու քաղաքայիններուն բարիքը:
Քաղդէացիներուն Պատրքիարքը յորդորած է ՝ըլլայ իրաքի, ըլլայ արտասահմանի քաղդէացի հաւատացեալները զօրացնելու իրենց քաղդէական ինքնութիւնը, զարգագնելով իրենց մայրենի լեզուն ու ծէսը, ինչպէս նեաւ հետեւելով իրենց հաւատքին եւ քրիստոնէական բարոյական սկզբունքներուն ՝կառչած մնալով եկեղեցւոյ ու ազգին:
Պատրիարքը կոչ ուղղած է նաեւ երաշխաւորելու ընտանիքներուն տուն վերադարձը, որոնցմէ շատեր կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ:
Ան ապա դարձեալ վերանորոգած է Իրաքի եկեղեցւոյ հրաւէրը՝ Պետութեան հասցէին պաշտպանելու քրիստոնեաներուն իրաւունքները, մեկնելով քրիստոնեաներուն պետական հաստատութիւններուն մէջ արդար ներկայութենէն:
Ինչ կը հայի քաղդէացի եկեղեցւոյ ապագային եպիսկոպոսները սինոդի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած են հաւատացեալներուն քաղդէական ինքնութեան ամրապնդումը զարգացնելով լեզուն ու ծէսը: Որոշած են 2020 թուականին կազմակերպել երիտասարդներուն համաժողով, ապա 2022՝ աշխարականներուն հանդիպում:
Նշենք, որ Քաղդէացիներուն եպիսկոպոսներուն սինոդին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարի զանազան երկիրներէն քաղդէացի եպիսկոպոսներ, որոնք սինոդի սկիզբը, երախտագիտական նամակ մը յղեցին ֆրանչիսկոս Պապին, իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Սրբազան Պապին: Նամակին մէջ եպիսկոպոսները մաղթած են, որ ֆրանչիսկոս Պապ 2020 թուականին կարենայ Իրաք այցելել
Յայտնենք նաեւ քաղդէացիներուն եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն սինոդին առաջին անգամուան համար իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարականներ՝ ներառեալ երեք կիներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ