Զմմառու մայրավանքէն ներս յուշ երեկոյ նուիրուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին:
Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի առթիւ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 11 օգոստոս 2019-ին, Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի առթիւ, Զմմառու դարաւոր մայրավանքէն ներս տեղի կ՝ունենայ Երանելիին նուիրուած յիշատակի յատուկ երեկոյ, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին:
Իգնատիոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը կ՝ընդգրկէ աղօթք՝ քաղուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին գիրքէն, շնորհաւորագիրերուն ընթերցում, ասմունք, երանելիին մասին բանախօսութիւն, հոգեւոր երգերուն ներկայացում:
Ձեռնարկը վերջ կը գտնէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատգամով ու օրհնութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
10/08/2019, 10:07