2019.08.09 Serata dedicata al Beato Maloyan 2019.08.09 Serata dedicata al Beato Maloyan 

Զմմառու մայրավանքէն ներս յուշ երեկոյ նուիրուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին:

Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 11 օգոստոս 2019-ին,  Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի առթիւ, Զմմառու դարաւոր մայրավանքէն ներս տեղի կ՝ունենայ Երանելիին  նուիրուած յիշատակի յատուկ երեկոյ, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Ի  Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Իգնատիոս Մալոյեանի  ծննդեան 150 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը կ՝ընդգրկէ  աղօթք՝ քաղուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին գիրքէն, շնորհաւորագիրերուն ընթերցում, ասմունք,  երանելիին  մասին  բանախօսութիւն, հոգեւոր երգերուն ներկայացում:

Ձեռնարկը վերջ կը գտնէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ պատգամով ու օրհնութեամբ: 

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 10:07