Հունգարիոյ եկեղեցին 500 հազար տոլար տրամադրեց Իրաքի քրիստոնեաներուն:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը 50000 ամերիկեան տոլար տրամադրած է Միջին արեւելքի դժուարութեան մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն:
Դրամահաւաք ձեռնարկի մասին Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը յայտարարած էր 2017 թուականին, որուն նպատակն էr օգնել այն բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք հնարաւորութիւն չ՝ունին իրենց տուները վերադառնալու՝ ապահովուելով անոնց առօրեայ կեանքի անհրաժեշտ պայմանները:
Դրամահաւաքի շնորհիւ հանգանակուած 500000 ամերիկեան տոլար գումարը, Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը փոխանցած են Պաղտատի մէջ Պապական նուիրակին, որուն միջոցաւ գումարը պիտի յատկացուի կարիքաւորներուն:
Ըստ Քաղդէացիներուն պատրիարք Կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքոյին, մօտիկ ապագային սկիզբ պիտի առնեն տեղահանուածներուն քանդուած տուներուն վերակառուցման աշխատանքները, հակառակ երկրի մէջ տիրող դժուարին կացութեան:
Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , որ Հունգարիոյ եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած վերոնշեալ նիւթական օգնութիւնը՝ ոչ միայն շօշափելի օգնութեան ժեսթ մըն է ի սպաս տեղահանուածներուն, այլ անիկա արտայայտութիւն է նաեւ Հունգարիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդի եղբայրական աջակցութեան, որ միշտ կը վստահի Աստուծոյ նախախնամութեան՝ որ օգնութեան կը փութայ բոլոր կարիքաւորներուն :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ