Իրաքէ առնուած լուսանկար Իրաքէ առնուած լուսանկար 

Հունգարիոյ եկեղեցին 500 հազար տոլար տրամադրեց Իրաքի քրիստոնեաներուն:

Մօտ օրէն պիտի սկսին բնակարաններու վեռակարուցման աշխատանքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը 50000 ամերիկեան տոլար տրամադրած է Միջին արեւելքի դժուարութեան մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն:

Դրամահաւաք ձեռնարկի մասին Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը յայտարարած էր 2017 թուականին, որուն նպատակն էr   օգնել այն բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք հնարաւորութիւն չ՝ունին իրենց տուները վերադառնալու՝ ապահովուելով անոնց առօրեայ կեանքի անհրաժեշտ պայմանները:

Դրամահաւաքի շնորհիւ հանգանակուած 500000 ամերիկեան տոլար գումարը, Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը փոխանցած են Պաղտատի մէջ Պապական նուիրակին, որուն միջոցաւ գումարը պիտի յատկացուի կարիքաւորներուն: 

Ըստ Քաղդէացիներուն պատրիարք Կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքոյին, մօտիկ ապագային սկիզբ պիտի առնեն տեղահանուածներուն քանդուած տուներուն վերակառուցման աշխատանքները, հակառակ երկրի մէջ տիրող դժուարին կացութեան:

Հունգարիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , որ Հունգարիոյ եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած վերոնշեալ նիւթական օգնութիւնը՝ ոչ միայն շօշափելի օգնութեան ժեսթ մըն է ի սպաս տեղահանուածներուն, այլ անիկա արտայայտութիւն է նաեւ Հունգարիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդի եղբայրական աջակցութեան, որ միշտ կը վստահի Աստուծոյ նախախնամութեան՝ որ օգնութեան կը փութայ բոլոր կարիքաւորներուն :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2019, 11:35