Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2024.09.23 Presentazione del libro di Hrayr Jebedjian

Աւստրալիոյ մէջ շնորհանդէս Դոկտ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ - Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գիրքին

Հայութեան հետ գործ չունի Հրայրին առօրեայ աշխատանքը: Աստուածաշունչի տարածումն է իր նիւթը եւ ընդհանրապէս ոչ Հայ եւ յաճախ ոչ Քրիստոնեայ շրջապատին: Սակայն ինք պատճառ ունի Հայը փնտռելու եւ գտնելու, այդ կու գայ իր ընտանեկան միջավայրէն....: Հրայրը յուսահատութիւն չգիտցող Հայն է: Իւրաքանչիւր վատ դէպք իրեն նոր կորով կու տայ, որուն հէնքը Աստուածաշունչն է, անոր ոգին է զոր Հրայր կ'անցնէ Հայկական Ոգիին բովէն:

Ոչ աննախընթաց սակայն մշակութային առումով որակաւոր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սիտնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ, Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Սրբազան հօր, ներկայութեամբ 80-ի մօտ գրասէր հայորդուոց: Կատարուեցաւ Դոկտ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ – Տեսիլք – Կամք եւ Յոյս» գիրքին շնորհանդէսը:

Հանդիսավարուհի Տիկին Նորա Սեւակեան, իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հրաւիրեց Սրբազան հայրը աղօթքով բացումը կատարելու ձեռնարկին, ապա հետեւեալ հակիրճ բացատրութիւնը տալէն ետք հրաւիրեց Դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը ներկայացնելու գիրքը:

«Սիրելի գրասէր բարեկամներ,

Այսօր Հայ գիրքը, Հայ հեղինակը, Հայ դպրութիւնը մեզ հաւաքած, մէկտեղած են այստեղ:

Այս առիթով շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել Սրբազան հօր եւ Թեմական Խորհուրդին, որոնք ինծի պատիւը տուին հանդիսավարուհին ըլլալու մշակութային բարձրորակ այս ձեռնարկին:

Մեզի հետ է մեծ բարեկամ Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը, ընդհանուր քարտուղարը Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան:

Երկրորդ շնորհանդէսն է, որ Առաջնորդարանը կը կազմակերպէ Դոկտոր Ճէպէճեանի հեղինակած գիրքերուն:

Առաջինը տեղի ունեցաւ 4 Օգոստոս 2018-ին «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» գիրքին: Երկրորդը՝ այսօր, «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ – Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս»: 2018-էն 6 տարի ետք դարձեալ շնորհանդէս տեղի կ'ունենայ նոյն այս սրահին մէջ եւ գիրքը կը ներկայացնէ նոյն անձը՝ Առաջնորդարանի դիւանապետ, մեր բոլորիս սիրելի Պրն Նշան Պասմաճեանը: Մենք շնորհակալ ենք որ Պրն Նշան յատուկ այս ձեռնարկին համար Նոր Զելանտայէն ժամանեց, որովհետեւ իրեն համար Հրայր Ճէպէճեանը մեծութիւն մըն է եւ անոր խնդրանքը մերժելն անհնար է: Երկու հին ընկերներ, երկու հին գործակիցներ եւ երկու նոյն ազգային հարցերու տագնապով քուն փախցնող հայեր:

Այժմ կը հրաւիրեմ Պարոն Նշան Պասմաճեանը ներկայացնելու համար «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ – Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքը»:

Պասմաճեան մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն կատարած էր 395 էջերէ եւ 89 յօդուածներէ բաղկացած գիրքին: Ան նախ վեր առաւ հեղինակին որպէս մարդ պատրաստութեան ազդակներն ու միջոցները, կարդալով մի քանի վկայութիւն հեղինակէն ինքն իր մասին: Այսպէս, էջ 19-ի մէջ՝ «Չունեցայ այսպէս ըսած կուսակցական կրթութիւն: Հօրս լռելեայն օրհնութեամբ եւ մօրս հզօր քաջալերանքով հասակ առի եկեղեցական աշխարհին մէջ, եւ որուն միջոցաւ ալ տակաւ-տակաւ սկսայ բացուիլ ազգային ինքնութեան եւ անոր գիտակցութեան»:

Խորհրդածելով գիրքին խորագիրին մասին, Պասմաճեան ըսաւ. «Առաջին երեք մեծատառ բառերը գիրքին խորագիրը կը կազմեն «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ»: Յաջորդ փոքրահասակ բայց գլխատառ բառերը՝ «Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Հրայր Ճէպէճեանէն հզօր պատգամ են Հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս, սփիւռքահայուն՝ մասնաւորապէս: Տեսի՛լք պէտք է ունենաս, կա՛մք եւ յոյս, ո՛վ սփիւռքահայ, եւ պիտի վերազարթնի՛ս»:

«Գրական տաղանդաւոր ճաշակով օժտուած Հրայր-մտաւորականը կը նկարագրէ այն ազդեցութիւնները զորս կրած է Հայ վարժարանէն, Համալսարանի մէջ՝ Հայկական Ակումբէն, ուր «Մայիս 28-ը մե՞րն է թէ մերը չէ»ն ստեղծած էր շփոթ, Եռագոյն դրօշին ստեղծած տաղտուկէն, ազգային հպարտութիւն ներշնչող Հայրենիքէն այցելող արուեստի եւ մարմնամարզի խումբերէն: Եւ ահաւասիկ... Անկախ Հայաստանի իրականութիւն, ասով արդէն ԱԶԳԱՅԻՆ նոր դաստիարակութիւն կը սկսէր, հայրենիքի վերստեղծում տեղի կ'ունենար, որ իր հետ կը բերէր նոր մարտահրաւէրներ, քննադատելի ալ շա~տ երեւոյթներ: Բայց, կա՛ց, Հրայրը, իր զօրաւոր կեցուածքով, ըսելիք ունի, եւ՝ ի՛ր բառերով՝ «Հայրենիքը պէտք ունի դրական ուժի սրսկումին, թէ՝ ներկայիս այս է իմ ունեցածս եւ թէ՝ անհրաժեշտ է զայն պահել, բայց մանաւանդ՝ ԱՒԵԼՑՆԵԼ անոր վրայ»: Այս երկու տողերը ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն իրենց մէջ, որուն կը հանդիպինք այս գիրքին 89 յօդուածներուն մէջ» ըսաւ Պասմաճեան:

Պասմաճեան գիրքը որակեց «մշակոյթի ճամբով հայապահպանման ճամբու քարտէզ» եւ մէջբերեց Փրոֆ Սուրէն Դանիէլեանի վկայութիւնը, որուն բնութագրումով՝ «... լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պահանջատիրութիւնը մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարաններն են: Առաջնային դիտելով «ամբողջական մշակոյթ» պահանջը՝ Հրայր Ճէպէճեան յայտարարում է, թէ մեր մեծ պարտականութիւնը այսօր՝ Սփիւռքի մէջ մեր մշակոյթի պաշտպանութի՛ւնն է: Ուստի անհրաժեշտը՝ աւանդական կառոյցների կողքին մեր մտածելակերպն ու գործելակերպերը վերակազմակերպե՛լն է»: (էջ 14):

«Այս հատորին մէջ դէպի համամարդկային հարցեր ուղղուած ցուցամատ կայ: Կարդանք էջ 27-ի «Բարին Ընել» յօդուածը, ուր Հրայր կը սգայ մարդկային ողբերգութիւնը, կը թուէ ոճիրները գործուած ֆլորիտայի դպրոցներու կամ Եմէնի մէջ, կը խօսի առանձնութեան մասին, զոր կ'որակէ «ընկերային աղէտ», որուն համար Անգլիոյ մէջ ստեղծուած է «Առանձնութեան Նախարարութիւն»: Եւ հարց կու տայ՝ ի՞նչ ընել. Հրայրին պատասխանն է՝ «Բարին պիտի ընել եւ անպայման շարունակել բարին ընել»: Հրայր կը պատգամէ. «Այսօր աշխարհը պէտք ունի դառնալու ստեղծագործողի մշակոյթին՝ Բարիին»:

Պասմաճեան զուգահեռ մը գծեց Անգլիոյ «Առանձնութեան Նախարարութիւն» եւ երբեմնի մեր «Սփիւռքի նախարարութիւն» հասկացութեանց միջեւ: «Հայրենի պետութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումով Սփիւռքը առանձնութեան մէջ չթողուլ նախաձեռնեց: Եւ եկաւ այն տարին, 2018, թաւշեայ յեղափոխութիւն..., եւ ահա Սփիւռքը թողուած է առանձին, լքուած իր մօրմէն՝ հայրենիքէն: Առանձնացնել Սփիւռքը կը նշանակէ առանձնացնել մեր պահանջատիրութիւնը, իսկ այս մէկը շատ լաւ կ'իմանան Հայ ազգին ներքին եւ արտաքին թշնամիները: Հրայր Ճէպէճեանը Սփիւռք ներկայացնող պահանջատէր Հայն է, բանիւ թէ գործով»:

Շարունակելով իր վերլուծումը Պասմաճեան նկատեց. «Աստուածաշունչի փիլիսոփայութեանց վերլուծումը հայացած կը հրամցուի Հրայրին կողմէ: Այսպէս օրինակ, իւրաքանչիւր յօդուածի աւարտին՝ հինին վրայ նորը կառուցելու վճռականութիւնը կը շեշտուի՛, որը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ ընթերցողին առջեւ, բայց միեւնոյն ատեն նոր թափ ու կորով կու տայ անոր՝ դիմակայելու այդ մարտահրաւէրները: Հայկական Ազգագրական Պատկերները Կամքի զօրութի՛ւն դրսեւորելու, անով՝ կեանքին իմա՛ստ տալու, զայն գործո՛ւն դարձնելու տեղեկագիրք է, կամ ինչպէս անգլերէն կ'ըսեն՝ catalog է, manual, handbook է հինգ տարիներու վրայ տարածուած եւ գիրքի՛ վերածուած այս յօդուածաշարանը»:

Բանախօսը անդրադարձաւ հեղինակին յատուկ լաւատես նկարագրին եւ որպէս օրինակ ներկայացուց Խաչիկ Տէտէեանին նուիրուած «Հպարտ Բանաստեղծը» յօդուածը եւ ըսաւ. «Խաչիկ Տէտէեան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը ԿԱՄԱՒՈՐ եւ այլասերող: Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ... կ'երթանք կորստեան ուղիներէ... Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ ՅՈՅՍԸ, կ'աղաւաղուի դիմագիծը մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան, այդ տեսակը կորսուած (ԽՏ)»: Տէտեէեանի ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ակնբախ է: Հրայրի յօդուածին մէջ փաստերո՛ւ վրայ հիմնուած յոռետեսութեան պատճառները եւ օրինակները շատ են: Սակայն այս բոլորին մասին վկայողը ԼԱՒԱՏԵՍ Հրայրն է, որ, ի՛ր մեկնաբանութեամբ, լաւատեսութիւն միայն կը տեսնէ Խաչիկին գաղափարներուն մէջ եւ կ'եզրակացնէ հետեւեալ բառերով. «Խաչիկ Տէտէեան՝ հպարտ բանաստեղծը, որ կը խթանէ մեզ բոլորս, որ մենք հպարտ հայեր ենք: Հպա՛րտ բանաստեղծը: Ան, որ յոռետես իրավիճակները կը շարժէ՝ հասնելու եւ հասցնելու համար մեզ բոլորս՝ ԱՐԺԷՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ (ՀՃ)»:

Պասմաճեան բազում օրինակներով հանդէս եկաւ ցոյց տալու Հրայր Ճէպէճեանի բազում անգամներ կրկնուող պատգամները, որուն արտայայտչական ամենազօրաւոր դրսեւորումը ան գտաւ «Հին թէ Նոր Հայեր» յօդուածին մէջ ուր Ճէպէճեանի բառերով. «Հայը իր Սփիւռքահայ գոյապայքարին մէջ ունի կարեւոր առաքելութիւն եւ պարտականութիւն, որն է՝ Հայերէն սորվեցնել: Ես, դուն եւ բոլո՛րս: Հի՛ն թէ նո՛ր հայեր: Հայերէն սորվի՛լ եւ սորվեցնե՛լ: Հայութեա՛մբ մեծնալ ու՝ մեծցնել»: Բանախօսը անդրադարձաւ որ հեղինակը իր յօդուածներով կը հաստատէ թէ Սփիւռքը մնայուն իրականութիւն է եւ ո՛չ անցողակի, «Իսկ այդ իրականութիւնը յաւերժացնելու համար Հրայր կը պատգամէ. «Իւրաքանչիւր գաղութ կը ձեւաւորէ եւ կ'աշխուժացնէ իր ընթացքը զարկ տալով կրօնական, ազգային, մշակութային եւ՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ»: Դաստիարակութեան ամբողջական իմաստի ըմբռնումին անհրաժեշտութիւնը խիստ կարեւոր կը գտնէ Հրայր, եւ կը միանամ իրեն բարձրաձայն ըսելու որ հայկական կառոյցները, որոնք ստեղծուած են եւ կը ստեղծուին, կուսակցութիւններէ մինչեւ կրթական հաստատութիւններ, միութիւններէ մինչեւ եկեղեցական հաստատութիւններ, ստեղծուած են Հայը Հա՛յ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱ՛Ն ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ» եզրակացուց Պասմաճեան:

Բանախօսը վեր առաւ նաեւ հեղինակին անուղղակի քննադատութիւններ կատարելու արուեստը, եւ փրոֆէսիոնալիզմի ջատագովութիւնը: «Մի կարծէք որ լաւատես Հրայրը միայն վարդագոյնը կը ճանչնայ...Ո՛չ»: Տուաւ օրինակ մը (էջ 159), ուր Դանիոյ մէջ գործող Հայ քահանան նաեւ ստիպուած է այցելել Շուէտ եւ Նորվեկիա հոգեւոր ծառայութիւն կատարելու համար: Մէկ ժրաջան քահանայ երե՞ք երկիրներու համար... Քննադատելի երեւոյթ: Սակայն ասով Հրայր կու գայ պատգամելու որ կաթողիկոսութիւններն ու պատրիարքութիւնները լուրջ պէտք է վերաբերին հոգեւորականներու թիւի յաւելման հարցին:

Պասմաճեան, իր իւրայատուկ հիւմուրով, կատարեց հետեւեալ բացայայտումը.

«Երեւոյթ մը նկատելի է: Ազգային հրատապ հարցեր կը քննարկէ իրերայաջորդ յօդուածներով եւ մէյ մըն ալ աչքիդ առաջ կը պարզուի նոր յօդուած մը, զուտ աստուածաբանական բովանդակութեամբ: Օրինակ՝ Էջ 175-ի «Իջեւանին մէջ տեղ չկար», կամ՝ էջ 261-ի «Մեծ պահքի խորհրդածութիւն՝ երեք հողերը» յօդուածները: Ես ինծի հարց տուի թէ ի՞նչ կապ կար աստուածաբանական նիւթերուն եւ «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ»-ուն միջեւ: Պատասխան չգտայ եւ հեռաձայնով հարցումը ուղղեցի Հրայրին: Իր պատասխան «պիտի չմոռնաս որ աստուածաբան եմ»-ը գոհացուցիչ չէր, բայց այդ պատասխանը պատահական չէր, այլ դիտմա՛մբ տրուած էր...: Ուզեցի մտածել եւ տեսնել թէ ինչ ըսել կ'ուզէր այդ «չգոհացնող» պատասխանով: Գտայ: Նիւթերը կապ ունէին «տեսիլք»ի, «կամք» ի ուժին եւ Աստուծոյ վրայ մեր դրած «յոյս» ին հետ, այսինքն գիրքին վերնագրին երեք փոքրատառ բառերուն հետ: Գիրք մը խմբագրելը արուեստ է եւ այստեղ, ամենայն պատասխանատուութեամբ կ'ըսեմ, որ այս գիրքին խմբագրուհին, Դոկտ Արտա Ճէպէճեանը, նախ յանդուգն է որ այդ բնոյթով յօդուածներ զետեղած է այս գիրքին մէջ, ապա՝ արուեստագէտ է, որովհետեւ գիտցած է ո՛ւր զետեղել զուտ հոգեւոր բովանդակութեամբ վերլուծական այս յօդուածները»:

Պասմաճեան «Առաքինութիւններու ջատագովութեան ծաղկեփունջ» որակեց գիրքը: Հրայր Ճէպէճեան սքանչացողն է առաքինութեանց: Օրինակ տուաւ ԱՄԷ-ի մէջ «Հանդուրժողութեան Նախարարութիւն»ը եւ վեր առաւ Հրայրի հանդուրժողութեան փիլիսոփայութիւնը. « Հրայր հանդուրժողութեան բացակայութեան մէջ աղէտ կը տեսնէ, ըլլայ մշակութային, ըլլայ ֆիզիքական: Զայն կը նկատէ խաղաղութեան գործնականացման ամենէն կարեւոր ազդակը»:

Բանախօսը պատահական չնկատեց Տոքթ Յարութիւն Ճէպէճեանի մեկենասութիւնը. «Ճանչնալով Տոքթորը, ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ վստահութեամբ կ'ըսեմ, որ Տոքթ Յարութիւն որոշեց մեկենաս դառնալ վերլուծելէ եւ հաստատելէ ետք որ այս գիրքը հայրենաշինութեան, ազգակերտման, մարդակերտման, պատասխանատուութեան եւ իմաստութեան ուղեցոյց էր: Բայց ոչ միայն ասոնք: Վստահ եմ որ ան տեսաւ այն խոր համոզումը որ Հրայր ունի Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին նկատմամբ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ»:

Պասմաճեան հետեւեալ բառերով եզրակացուց իր ներկայացումը.

«Այս գիրքին մէջ հարստութիւն ամբարուած է: Հոն կը նկատենք թէ Հրայրին համար մարդու ինքնութիւնը, Հայու ինքնութեան կերտումը, մշակութային վերածնունդը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, Սփիւռքի հզօրացումը, մարդկային արժէքներու գնահատանքը, մարդու իրաւունքներու հաստատումը, պահանջատիրութիւնը, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈ՛ՒՄԸ վերջապէս, մտահոգութեան առարկաներ չեն միայն, այլ ուղղակի տագնա՛պ են, միեւնոյն ատեն՝ ներշնչման աղբիւր եւ գործելու հրամայական: Տագնապ, այո՛: Հեղինակին մտքի աչքերը յստակ կը տեսնեն հարցերը, որոնք անլուծելի չեն, այլ՝յաղթահարելի՛: Ան երկխօսութեան մէջ կը մտնէ եւ կը պատգամէ ՏԵՍԻԼՔ ունեցող, լաւատեսութեա՛մբ զինուած ընթերցողին՝ իրատես ըլլալ, եւ ԿԱՄՔո՛վ գործի լծուելէ ետք՝ ՅՈՒՍԱ՛Լ:

Խօսք առաւ գիրքին մեկենասը՝ հոգեբոյժ Տոքթոր Յարութիւն Ճէպէճեան: «Կարելի չէ ամփոփ ձեւով եւ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնել Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը» ըսաւ ան: Տոքթորը Աստուածաշունչէն, լոզունգներէ, եւ իր խոհերուն ընդմէջէն մէջբերումներ կատարելով բնութագրեց հեղինակ Հրայրը: Այսպէս. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք, հոգիով բորբոքեցէք եւ Տիրոջը ծառայեցէք» (Հռովմայեցիս 12:11):

«Մարդուն հաւատամքը հիմքն է անոր կեանքին, ինքնութեան եւ գործերուն»։

«Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն մնաց»։ (Վահան Թէքէեան):

«Բարի նպատակներու համար ուզել ապրիլ»։

«Ապրիլ կեանքը, պատրաստուիլ յաւիտենական կեանքին, ծառայել կեանքի ընթացքին, սուրբ գիրքը տարածելով»։

«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»։( Բ Տիմոթէոս 4:7):

«Սիրելի Հրայր, Աստուած քեզ պահապան», եզրակացուց Տոքթոր Յարութիւն:

Հանդիսավարուհին ներկայացուց գիրքի խմբագիր եւ Դոկտ Ճէպէճեանի կողակից ընկերալեզուաբան Դոկտ Արտա Ճէպէճեանը, որ իր հիւմուրախառն ու բովանդակալից խօսքով նախ պատմեց թէ ինչպէ՞ս 1990-ին հանդիպած էր Հրայրին եւ անկէ ետք նոյնացած էին ու դարձած գործակիցներ: Դոկտոր Արտա հեղինակ է աւելի քան 20 գիրքերու եւ խմբագրած է Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած 4 գիրքերը: Ան վկայեց որ իր եւ Հրայրին միջեւ տարակարծութիւններ չեն եղած որպէս խմբագիր եւ հեղինակ, տարակարծութիւնները ընդհանրապէս կը պատահին, նոյնիսկ վէճ կը ստեղծեն, ինչպէս պատահած է իր քսան գիրքերուն խմբագիրներուն եւ իր միջեւ:

Անդրադառնալով այս գիրքին վերնագրի որոշումին, Դոկտ Արտա ըսաւ թէ 10 վերնագիր նկատի առած էին, երկու տարուան ընթացքին բիւրեղացան եւ մնաց այս խորագիրը:

Տիկին խմբագիրը շեշտեց որ իր թէ Հրայրին համար էական են Հայ մշակոյթի, Հայ լեզուի եւ Հայու ինքնութեան պահպանումը: Իսկ գիրքին մէջ այս նիւթերը կ'արտացոլան:

Դոկտ Արտա, նոյնքան լաւատես որքան իր ամուսինը, խօսելով Արեւմտահայերէնի մասին, զոր Եունեսքոն կը համարէ մեռնող լեզուներու շարքին, ըսաւ որ պէտք է գրել Եունեսքոյին որ Արեւմտահայերէնը պիտի չմեռնի, մեկնելով իր դրական փորձառութենէն զոր ունեցան այցելելով ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Նախակրթարան եւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարան: Անոնք հիացած էին աշակերտներու Հայերէն խօսելուն, անոնց արտասանութիւններուն եւ երգերուն:

Որպէս եզրակացութիւն, Դոկտ Արտա պատգամեց թէ միասնական աշխատանքով, Հայերէնի գործածութեան քաջալերանքով Հայ ազգը, մշակոյթն ու լեզուն կը վերապրին:

Իր հակիրճ խօսքին մէջ Վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեան, Սիտնիի Հայ Աւետ Եկեղեցւոյ հովիւը եւ պատանեկութեան ընկերը, (իր խօսքերով՝ «Ջանքի Ընկերը») Հրայրին, երեք կէտ ուզեց բաժնեկցիլ ներկաներուն հետ:

Ա) Ան գիրքը որակեց «Յիշատակարան Սփիւռքեան Կեանքին», որ ունի ազգային եւ հոգեւոր բովանդակութիւն, ուր կ'արտացոլան հայրենասիրութիւն, Քրիստոնէական ոգի, լաւատեսութիւն եւ յոյս:

Բ) Գիրքը կը վկայէ որ Հրայր պայքարող է ձուլման եւ այլասերումի դէմ, պահպանելով մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութիւնը, սիրելով Հայ գիրն ու մշակոյթը:

Գ) Հիւմուրով ան ըսաւ «Հեղինակը իր տեղը նստիլ չի գիտեր»: Հրայրը այն անձն է որ գործի բերումով կը ճամբորդէ բայց միշտ կը փնտռէ Հայը, ոչ մէկ ջանք խնայելով այդ ուղղութեամբ:

Նախքան (հանդիսավարուհիին բառերով) «օրուան հերոս»ը բեմ հրաւիրելը, Տիկին Սեւակեան կարդաց կենսագրականը, դարձեալ իր խօսքով՝ «Սփիւռքագէտ» Դոկտ Հրայրին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

Ծնած է Պէյրութ, 1957-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ: 1981-ին աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսրանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայական Առեւտրական Գիտութեան մէջ եւ 1984-ին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսրանէն՝ Մագիստրոս Գիտութեան Վկայական Երկրագործական Տնտեսագիտութեան մէջ:

2014-ին տիրացած է Դոկտորական վկայականին Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Համալսարանէն՝ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը՝ «Քրիստոնէական Յոյսի Պատգամին Ընկալումը եւ Կիրարկումը Հնդիկ Աշխատաւորներու Կողմէ Անոնց Աշխատանքային Ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ»:

Ճէպէճեան Ընդհանուր Քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան: Ան մասնակցած է շատ մը ազգային, միջազգային եւ միջ-եկեղեցական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ՝ սուրբգրային, ազգային, մշակութային Միջին Արեւելեան ներկայութեան մասին:

2010-ին ան հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», 2018-ին՝ երկրորդը՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս որ Տեսայ», եւ 2019-ին, անգլերէնով, «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձը» (BIBLE ENGAGEMENT – The Discovery of Faith, Hope and Self), որ միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան կողմէ արժանացաւ յատուկ մրցանակի, որպէս լաւագոյն գիտական աշխատասիրութիւն:

Ան կ'աշխատակցի լիբանանահայ, սփիւռքահայ, Հայաստանի եւ Արցախի շատ մը թերթերու եւ պարբերականներու, գրաւոր եւ ելեկտրոնային, ստորագրելով ազգային, մշակութային եւ աստուածաբանական նիւթերով յօդուածներ: Ունի նաեւ ակադեմիական եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակուած են միջազգային հանրագիտարաններու մէջ:

Պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» բարձրագոյն շքանշաններով:

Ամուսնացած է Դոկտ Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Վահէ եւ Ալիք:

Դոկտոր Հրայրի խօսքը ոչ միայն տեղեկատուական էր, այլ նաեւ դաստիարակող եւ զարգացուցիչ: Ան պատմեց թէ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին իր բոլոր դասընկերները կարողացած էին ապաստանիլ ԱՄՆ կամ Գանատա: Տրուած ըլլալով որ Պէյրութի ԱՄՆ հիւպատոսարանը փակ էր, ամերիկեան վիզաները կը տրուէին Դամասկոսի հիւպատոսարանէն: Առաջին փորձին երբ ընտանեօք Դամասկոս կ'երթային՝ ճամբան, սրտի կաթուածէ կը մահանայ Հրայրին հայրը: Կը վերադառնան Պէյրութ եւ հօր յուղարկաւորութիւնը կը կատարեն: Երկրորդ փորձին՝ հիւպատոսուհին կը մերժէ վիզա տալ, մեծապէս նեղացնելով զինք: « Սակայն չէի անդրադառնար որ Աստուած ինծի հետ կը խօսէր եւ կ'ըսէր. ”պիտի չերթաս ԱՄՆ, Ես քեզի համար ծրագիր ունիմ այստե՛ղ գործելու”: Այսօր կը տեսնեմ թէ Աստուած ինչ կ'ուզէր ըսել եւ շնորհակալ եմ Իրեն, որ այս շրջաններուն մէջ կը մնամ, որը ինծի եղաւ դպրոց, ուր սովորելով կարողացայ նաեւ բաժին հանել իմ կարողութիւններէս եկեղեցւոյս եւ ազգիս»:

Ինչպէս վերը բացատրուեցաւ, Դոկտ Հրայր կ'աշխատի ՄԱԿ-էն եւ Միջազգային Կարմիր Խաչէն ետք աշխարհի երրորդ ընկերութեան՝ Աստուածաշունչի Ընկերութեան (The Bible Society)ի համար, որը կը գործէ 200 երկրի մէջ, հետեւաբար կը ճամբորդէ գործի բերումով, ցարդ՝ 90 երկիր...: «Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, բոլոր երկիրներուն մէջ Հայ կ'ապրի: Ես Հայ ղեկավարութեան հետ կը հանդիպիմ սակայն անպայման կ'ուզեմ պարզ հայուն ալ հանդիպիլ, գիտնալու համար թէ ինչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ տուեալ երկրին մէջ, ինչպէ՞ս Հայերէն սորվիլ, ինչպէ՞ս մշակոյթ պահել, եւայլն: Եւ քաղած տեղեկութիւնս ես ինծի չեմ պահեր, այլ կը գրեմ եւ կը դարձնեմ բոլորին սեփականութիւնը: Եզրակացութիւնս է որ բոլորս տարբեր Հայեր ենք բայց ՕՏԱՐ չենք իրարու, բոլորս մշակոյթի պատառ մը առած ենք եւ ազդեցութիւնը կը կրենք մեր ապրած երկիրներուն», ըսաւ ան: Դոկտ Հրայր օրինակ մը տուաւ որ կը բնորոշէ այս իրավիճակը: «Ստեփանակերտի պանդոկներէն մէկուն մէջ նախաճաշ կ'ընէի, մէկ կողմս աղմկոտ խումբ մը նստած էր Մարսէյէն, միւս կողմը՝ անգլիախօս սեղան մը՝ լուռ, Նիւ Ճըրզիէն, իսկ երրորդ կողմը՝ ռուսախօսներու սեղան մը: Բոլորիս մօտ կը տեսնուէր մեր երկիրներու ազդեցութիւնը սակայն բոլորս Հայ էինք, ատոր համար ալ Արցախ եկած էինք...»

Դոկտորը խօսեցաւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ Հայաստանի որպէս հայրենիք խաղցած դրական դերին մասին, անկախ թէ քաղաքական ինչ հոսանքներ կ'իշխէին այնտեղ: Խօսեցաւ նաեւ քաղաքական ինքնութեան (Political Identity)ի մասին որու միջոցով այսօր սերունդը կը հակազդէ համաշխարհայնացումի գործած աւերին: Սակայն պայքարող ու զէնքերը վար չդնող Հրայրը համարձակ պիտի պատգամէր. «Հայապահպանման համար մեծ պատերազմ կը մղենք որպէս ազգ, իւրաքանչիւր սփիւռքեան համայնք իր ճակատամարտը ունի, զոհեր կու տանք եւ պիտի տանք, բայց պատերազմը պիտի շարունակենք մինչեւ յաղթական դուրս գալը»:

Եւ այս բոլորը ՈՒԶԵԼՈՎ Կ'ԸԼԼԱՆ եզրակացուց Հրայր, եւ պատմեց կենդանի վկայութիւն մը: «Առաւօտ կանուխ Փարիզի օդակայանին մէջ ԷՐ ՖՐԱՆՍԻ 6-7 պաշտօնէուհիներ յաճախորդներուն կը սպասէին. անոնցմէ մէկուն մօտեցայ եւ Bonjour ըսի անցագիրս երկարելով: “Կրնայիր Բարի Լոյս ալ ըսել” հայերէնով պատասխանեց օրիորդը: Քեսապցի արմատներ ունէր բայց ծնած էր Փարիզ: 25 վայրկեան խօսեցանք: Մէկ բառ ֆրանսերէն չգործածեց: Երբ զարմանքս յայտնեցի՝ ըսաւ. “եթէ ուզես՝ կ'ըլլայ”: Ո՞վ պիտի ուզէ սակայն հարցումին կը պատասխանենք՝ ես, դուն, մենք բոլորս պիտի ուզենք հայապահպանումը որ ըլլայ: Հպարտութիւն պէտք է սերմանենք մեր մշակոյթին նկատմամբ, ո՛չ գերակայութեան իմաստով այլ որովհետեւ շատ բան տուած ենք համաշխարհային մշակոյթին եւ գիտութեան: Դժուար օրերու մէջ ենք, ընդունինք, բայց դրական ներուժ պիտի սերմանենք մեր սերունդներուն մէջ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթական դուրս պիտի գանք» եզրակացուց ան:

Իր եզրափակիչ, հայրական սրտի խօսքը տալու հրաւիրուեցաւ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազան հայրը: Սրբազանը պատմական օրինակով հաստատեց թէ ինչո՞ւ Հայերէն գրելը անհրաժեշտ է, տեղեկացնելով որ երբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Հայ մատենագիրները Հայերէն գրեցին՝ հայութեան թիւը նուազ էր քան այսօր իսկ Հայերէն գիտցողներու թիւը շատ փոքր: Սակայն անոնք նախընտրեցին Հայերէն գրել եւ յաջողեցան պահել մշակոյթ եւ լեզու: «Անոնք կրցան փոխանցել մշակոյթը, այսօր նոյն պարտականութիւնը ունինք մենք»: Սրբազանը թելադրեց կարդալ գիրքը, մանաւանդ ուշադիր կարդալ զայն, որովհետեւ տողերուն տակ պահուած խոր պատգամ կար, փիլիսոփայութիւն կար, քաղաքականութիւն եւ տագնապի դրսեւորում:

«Հայութեան հետ գործ չունի Հրայրին առօրեայ աշխատանքը: Աստուածաշունչի տարածումն է իր նիւթը եւ ընդհանրապէս ոչ Հայ եւ յաճախ ոչ Քրիստոնեայ շրջապատին: Սակայն ինք պատճառ ունի Հայը փնտռելու եւ գտնելու, այդ կու գայ իր ընտանեկան միջավայրէն. փոխանակ գործէն ետք հանգստութիւնը փնտռելու, օտար երկրի մէջ ինքզինք կ'անհանգստացնէ Հայ գտնելու եւ զայն աշխարհին ծանօթացնելու համար, իսկ հոն ուր Հայ չկայ՝ իր պատումներով Հայութիւնը կը ներկայացնէ ոչ Հայուն: Հրայրը յուսահատութիւն չգիտցող Հայն է: Իւրաքանչիւր վատ դէպք իրեն նոր կորով կու տայ, որուն հէնքը Աստուածաշունչն է, անոր ոգին է զոր Հրայր կ'անցնէ Հայկական Ոգիին բովէն: Եթէ կ'ուզենք որ Հայութիւնը իր գոյութիւնը ապահովէ բայց մանաւանդ յառաջընթաց արձանագրէ՝ պէտք ունինք Հրայրի նման իրենց մշակոյթով հպարտ, ժխտականը դրականի վերածող մարդիկ պատրաստել» եզրակացուց Սրբազանը: Ապա Պահապան Ամենայնի եւ Պահպանիչ աղօթքներով փակեց հանդիսութիւնը:

Յետ ձեռնարկին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրում:

Ներկայ մը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 08:11
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031