Որոնել

RUSSIA-ARMENIA-DIPLOMACY

Փութին-Փաշինեան հանդիպում Քրեմլինի մէջ

Հանդիպումէն առաջ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ կան որոշ դժուարութիւններ, բայց անոնք պէտք չէ ուռճացուին։

Քրեմլինի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Մայիս 8ին կայացած հանդիպումին մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։ Ըստ լրատուական աղբիւրին՝ Փութին ըսաւ, թէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան։

«Այս (ԵԱՏՄ) միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութիւնը դրական է։ Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ապա անոնք եւս շատ յաջող կերպով կը զարգանան», ըսաւ Փութին՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանին մէջ կան ապահովական հարցեր։

Հանդիպման հրապարակային բաժինով Փութին խօսեցաւ տնտեսական համագործակցութեան մասին՝ դիտել տալով, որ նախորդ տարուան ընթացքին ապրանքաշրջանառութիւնը աննախադէպ աճ արձանագրած է։

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ Դեկտեմբերէն «յետոյ, ի հարկէ, կուտակուել են հարցեր, որոնք քննարկման կարիք ունեն: (Եւրասիական տնտեսական) խորհրդի նիստում, ի հարկէ, քննարկուել է տնտեսական հարցերը: Եւ հիմա յոյսով եմ եւ վստահ եմ, որ կը քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնների կարեւոր հարցեր, տարածաշրջանային հարցեր», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։

Հանդիպումէն առաջ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ կան որոշ դժուարութիւններ, բայց անոնք պէտք չէ ուռճացուին։

Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիա բաւական լաւատեսօրէն տրամադրուած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հեռանկարներուն նկատմամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա, իր կարգին, ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում պիտի ունենան 10 Մայիսին, Ղազախստանի մէջ՝ շեշտելով, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ այս տեսակցութիւնը եւ  պատրաստ է շարունակելու այն աջակցութիւնը, որ «միտուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի արձանագրութեան»։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 07:26