Որոնել

2024.04.02 Chiesa armena del 19 sec in vendita in Turchia

Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը եւս վաճառքի հանուեցաւ

Նշենք, որ եկեղեցին կը գտնուին Գէօյտիւն գիւղին մէջ եւ կառուցուած է 19րդ դարուն: 2012ին անիկա արձանագրուած է՝ իբրեւ առաջին խումբի պահպանութիւն պահանջող մշակութային անշարժ գոյք:

Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վաճառքի հանուեցաւ: Այս մասին կը յայտնէ «Էրմենիհապեր»ը:

Կը նշուի, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք լքուած եկեղեցին սեփականութիւնը դարձաւ տեղւոյն բնակիչ Հաթիճէ Աքայ անունով անձի մը, որ որոշելով վաճառել զայն՝ դիմեց անշարժ գոյքի գործակալութեան մը, որ թրքական «DHA» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եկեղեցին վաճառելու գծով խոչընդոտներ չկան:

«Կայ սեփականութեան վկայական, եւ չկան խոչընդոտներ վաճառքի հարցով: Եկեղեցին առաջին աստիճանի պահպանուող տարածք մըն է եւ կը գտնուի պաշտպանութեան տակ: Այսօրուընէ զայն դրած ենք վաճառքի եւ անոր համար կ՛ուզենք 16 միլիոն լիրա (շուրջ 500,000 տոլար)», յայտնեց վերոնշեալ գործակալութեան ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ եկեղեցին կը գտնուին Գէօյտիւն գիւղին մէջ եւ կառուցուած է 19րդ դարուն: 2012ին անիկա արձանագրուած է՝ իբրեւ առաջին խումբի պահպանութիւն պահանջող մշակութային անշարժ գոյք:

Սրբատաշ քարերով կառուցուած հայկական եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին պատերուն խաչի պատկերներ փորագրուած են:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2024, 07:30