Որոնել

Սիտնիի մէջ դանակահարած են մաքրակրօն Մար Մարի Էմանուէլ եպիսկոպոսը Սիտնիի մէջ դանակահարած են մաքրակրօն Մար Մարի Էմանուէլ եպիսկոպոսը 

Սիտնիի մէջ դանակահարած են մաքրակրօն Մար Մարի Էմանուէլ եպիսկոպոսը

Դանակով զինուած տղամարդը մօտեցած է խորանին եւ դանակի բազմաթիւ հարուածներ հասցուցած Մար Մարի Էմանուէլ եպիսկոպոսին,

Սիտնիի մէջ տղամարդը մտած է եկեղեցի՝ դանակահարելով քահանան եւ քանի մը հաւատացեալ: Դէպքը տեղի ունեցած է Սիտնիի Christ the Good Shepherd Church եկեղեցւոյ մէջ, յայտնած է Daily Mail-ը:

Դանակով զինուած տղամարդը մօտեցած է խորանին եւ դանակի բազմաթիւ հարուածներ հասցուցած Մար Մարի Էմանուէլ եպիսկոպոսին, որմէ ետք վերջինս ինկած է յատակին:

Աւստրալիական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ յարձակման հեղինակը 15-ամեայ երիտասարդ մըն էր որ ձերբակալուեցաւ ոստիկաններուն կողմէ։

Անցեալ օրերուն առևտուրի կենտրոնին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ետք Աւստրալիոյ մէջ այս կը հանդիսանայ երկրորդ յարձակումը որ ցնցեց աւստրալիական հասարակութիւնը։ Արդարեւ անցեալ շաբաթ օրը միայնակ անձ մը Սիտնիի մառևտուրի կենտրոնի մը մէջ դանակահարեց վեց մարդ և վիրաւորեց աւելի քան տասնեակ այլ անձինք:

Վիշտ և աղօթք Սիտնիի արքեպիսկոպոս Էնթոնի Ֆիշերի կողմէ, որ Սուրբ Մարիամի տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց զոհերուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 08:25