Որոնել

Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ 

Իսրայէլ ռմբակոծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը

Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Իսրայէլեան ուժեր անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեցին Ռըմէյշի մէջ հսկողութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատը` վիրաւորելով երեք սպաներ եւ թարգմանիչ մը (քաղաքային):

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի պաշտօնապէս յայտարարեց վիրաւորներուն մասին` վերահաստատելով զինադուլի իր կոչը:

Թինընթի ընդգծեց զինադուլ յայտարարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի մարդկային յաւելեալ վնասներ չարձանագրուին:

Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի` աւելցնելով, որ Ռըմէյշի մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է:

Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ հետաքննութիւն մը պիտի բացուի` հաշուետուութեան կանչելու համար այդ յարձակումին պատասխանատուները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` դատապարտելով անոնց վրայ կատարուած վտանգաւոր այդ յարձակումը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իսրայէլեան ուժեր Ռըմէյշի մէջ ռմբակոծած են ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջուն ջոկատ մը:

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ իրենք պիտի ընդարձակեն հիւսիսային Իսրայէլի ճակատը եւ պիտի ռմբակոծեն իրաքանչիւր շրջան, ուր Հըզպալլա գոյութիւն ունի:

Իսրայէլեան ուժերը նաեւ Սուրի Պազուրիէ շրջանին մէջ ռմբակոծեցին ինքնաշարժ մը` պատճառելով զոհ մը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց նաեւ Քաունինի մէջ ինքնաշարժ մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Խիամ, Թիպէ, Ռըպ Թլեթին, Պլիտա, Մէյսէլ Ժապալ, Մարքապա, Քֆարքիլա, Սըմմեքա, Խրայպէ, Ռաշայա Ֆըխխար, Մարի, Հըպպարիէ, Հասպայա, Ֆարտիս, Այթա Շաապ, Ռանտա, Հանին, Տըպըլ եւ Եարին գիւղաքաղաքները:

Իսկ Հալէպի դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծում մը թիրախ դարձուց Հըզպալլայի 5 անդամներ, որոնք նահատակուեցան:

Ի պատասխան Հալէպի ռմբակոծումին, Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Պրանեթ զօրանոցը, ուր կը գտնուի իսրայէլեան բանակի թիւ 91 զօրամասի հրամանատարութիւնը:

Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ եւ Զըպտին դիրքերը, ինչպէս նաեւ Ժըրտահի եւ Լիմանի մէջ վերանորոգուած լրտեսական սարքաւորումները` քանդելով զանոնք:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Մանարա դիրքը, ուղղակի հարուածներ հասցուցած հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ եւ պատճառած մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Իսմայիլ Ալի Զէյն եւ Հասան Ռիտա Եուսեֆ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատներէն մէկը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը խիստ դատապարտելի է:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս յարձակումը միջազգային օրէնքի խախտում է, եւ կոչ կ՛ուղղէ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան յանձնառու պետութիւններուն երաշխաւորելու ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն եւ քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը` անմիջապէս միջամտելով եւ պարտադրելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց նաեւ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին ռմբակոծումը` Իսրայէլի կողմէ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ արարքը վտանգաւոր մագլցում է եւ կը սպառնայ շրջանային ու միջազգային ապահովութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 08:00