Որոնել

TOPSHOT-UAE-BAHRAIN-OMAN-WEATHER-FLOOD

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի մէջ արտակարգ առատութեամբ անձրեւներ

Ապու Տապիի էմիրութեան արեւելքը գտնուող Այն քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կլիմայական եւ տեղեկատուական եղանակային կայանը, նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին 254,8 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային օդերեւութաբանական կեդրոնը յայտնեց, որ երեքշաբթի օր երկրին մէջ վերջին 75 տարուան մէջ ամէնէն առատ անձրեւները տեղացած են: Այս մասին կը յայտնէ էմիրաթական կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Կեդրոնին տուեալներով` Ապու Տապիի էմիրութեան արեւելքը գտնուող Այն քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կլիմայական եւ տեղեկատուական եղանակային կայանը, նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին 254,8 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է:

«Երկիրը իր կլիմայական պատմութեան մէջ բացառիկ իրադարձութեան ականատես եղած է», կը նշուի «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած զեկուցումին մէջ:

Օմանի մէջ առատ անձրեւին պատճառով յառաջացած ողողումները պատճառեցին 18 զոհեր, որոնց շարքին 9 դպրոցականներ եւ անոնց վարորդը:

Օմանի մէջ ամէնէն շատ վնաս կրեց Շարքիէ շրջանը:

Անձրեւներ տեղացին նաեւ Պահրէյնի, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 07:59