Որոնել

2023.11.08 Alunni scuola Mesrobian

«Հայաստան» Հիմնադրամը 100,000 տոլար կը յատկացնէ Լիբանանի Հայկական դպրոցներուն եւ անձնակազմերուն

Նշենք, որ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու օժանդակութեան ծրագիրը սկիզբ առաւ Դեկտեմբեր 2019ին, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, 28 Մարտ 2024 թուակիր հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, թէ Լիբանանի հայ համայնքին տրամադրուող շարունակական օժանդակութեան ծրագրի շրջագիծին մէջ, հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին միջոցով 100,000 տոլար կը տրամադրէ Լիբանանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն:

Ստորեւ՝ դպրոցներուն ցանկը.

Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Վահան Թեքէեան վարժարան, Սահակեան-Լեւոն Մկրտչեան քոլեճ, Եղիշէ Մանուկեան Ազգային քոլեճ, Նուպարեան Ազգային վարժարան, Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Ազգային վարժարան, ՀԲԸՄի վարժարաններ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Մեսրոպեան վարժարան, Միացեալ Ազգային վարժարան, Մխիթարեան վարժարան եւ Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան:

Նշենք, որ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու օժանդակութեան ծրագիրը սկիզբ առաւ Դեկտեմբեր 2019ին, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, որ աւելի եւս խորացաւ Օգոստոս 2020ին` Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն ետք: Ընդհանուր առմամբ, 2019էն ի վեր Լիբանանի հայ համայնքի զանազան կարիքներուն, անոնց կարգին նաեւ կրթօճախներուն՝ հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 2,165,000 ամերիկեան տոլար:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2024, 07:20