Որոնել

Իսրաէլ Իսրաէլ  (ANSA)

Իսրայէլի բանակը պատրաստ է գործողութիւն սկսելու Ռաֆահի մէջ

ՄԱԿ-ը կրկին մատնանշած է պաղեստինեան անկլաւին մէջ տիրող մարդասիրական սարսափելի վիճակը։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է ցամաքային գործողութիւն սկսելու Ռաֆահի մէջ, երբ կառավարութիւնը այն հաստատէ։ Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրին։

ԱՄՆ-ը Իսրայէլին կոչ ըրած է հրաժարելու ծրագրերէն՝ խուսափելու համար քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն նոր զոհերէն։ Պաղեստինեան անկլաւի բնակիչներու կէսէն աւելին ապաստան գտած է Ռաֆահի մէջ։

ՄԱԿ-ը կրկին մատնանշած է պաղեստինեան անկլաւին մէջ տիրող մարդասիրական սարսափելի վիճակը։

Իսրայէլի վարչապետը, սակայն, պնդած է, որ այդ «Համաս»-ի նկատմամբ լիակատար յաղթանակի հասնելու միակ ճանապարհն է։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2024, 07:00