Որոնել

Միջազցային կարմիր խաչ Միջազցային կարմիր խաչ 

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած միջազգային Կարմիր Խաչի գրասենեակը տեղափոխուած է Բարդա

Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի հաղորդագրութիւնը

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Կարմիր խաչի գրասենեակը տեղափոխուած է Բարդա: Այս մասին «Լուրեր»-ուն ըսած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն շուրջ 84 հազարը արդէն հաշուառուած են Հայաստանի հասցէներով, 82 հազարը ձեռք ձգած է գաղթականի ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական, Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած է աւելի քան 1600 անձ:

Բռնի տեղահանութենէն ետք, այս ընթացքին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է եւս 50 հայ:

Կարմիր խաչի հայկական գրասենեակէն կ՛ըսեն, որ այնտեղ մնացածները իրենց ուշադրութեան կեդրոնն են: Անոնց հետ կապը կը փորձեն պահել Հայաստան տեղափոխուած հարազատները:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 08:14