Որոնել

2024.04.23 Conferenza sul genocidio nella scuola Mesrobian

Դոկտ. Իմատ Մըրատ Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուց բացառիկ դասախօսութիւն մը

Դոկտ. Մըրատի հետ հանդիպումը կայացաւ "café historique" նախագիծի շրջանակին մէջ, 22 Ապրիլ 2024-ին, Մեսրոպեանի Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, հանրաճանաչ պատմաբան եւ քաղաքագէտ դոկտ. Իմատ Մըրատի հետ հանդիպումը բացառիկ առիթ մը եղաւ, որ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժինի աշակերտները համապարփակ վերլուծութիւն մը լսեն հայոց դարաւոր պատմութեան մասին՝ Հայկական պետականութեան սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը:

Դոկտ. Մըրատի հետ հանդիպումը կայացաւ "café historique" նախագիծի շրջանակին մէջ, 22 Ապրիլ 2024-ին, Մեսրոպեանի Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ:

Վարժարանի ուսուցիչ պարոն էտիպ Ժըմայէլի բացման խօսքէն ետք, երկրորդական բաժինի կրթական պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Իլիաս ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ զայն հրաւիրեց ներկայացնելու իր դասախօսութիւնը:

Դոկտ. Մըրատ նախ ողջունեց Մեսրոպեանի աշակերտներն ու կրթական համայնքը վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով եւ լայնօրէն անդրադարձաւ Մեսրոպեանի պատմութեան, մասնաւորաբար վեր բերելով Կարդինալ Աղաճանեանի դերը ոչ միայն անոր ծնունդին, այլ բազում բախտորոշ իրադարձութիւններու մէջ՝ լիբանանեան թէ միջազգային գետնի վրայ: Ան յայտնեց, որ Կարդինալ Աղաճանեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ, կատարելով հաշտարարի դեր՝յատկապէս լիբանանեան քրիստոնէական հակամարտ կողմերուն միջեւ: Դոկտ Մըրատ մեծագոյն գնահատանք արտայայտեց Կարդինալին գործունէութեան վերաբերեալ, որպէս Հաւատքի ու Արդարութեան առաջնորդ՝ համաշխարհային չափանիշներով:

Ապա դասախօսը անդրադարձաւ մարդկային պատմութեան մէջ Հայկական քաղաքակրթութեան բերած նպաստին ու ներդրումին՝ հայկական պետականութեան ստեղծումի օրերէն: Ան յատկապէս շեշտեց փաստը, որ հայը եղաւ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգը ամբողջ աշխարհին մէջ, ինչ որ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ անոր հետագայ պատմութեան համար:

Դոկտ. Մըրատ աշակերտներուն ներկայացուց աշխարհաքաղաքական այն պայմանները, որոնց մէջ գոյացաւ Հայ ազատագրական պայքարը՝ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը 1915-ին չսկսաւ, այլ անորմէ տասնեակ տարիներ առաջ, Համիտեան հայաջինջ ծրագիրներով: Բանախօսը Արցախի բռնագրաւումը տեղադրեց համաթուրանականութեան նոյն քաղաքականութեան ծիրին մէջ, որուն պատճառած մարդկային եւ հողայի կորուստները պէտք չէ մոռցուին, այլ հակառակը՝ առարկայ մնան արդարութեան վերականգման համար մղուող պայքարին, որուն հանդէպ պատասխանատուութիւն կը կրէ նաեւ միջազգային համայնքը:

Դասախօսը վեր բերաւ քրիստոնէական հաւատքին ունեցած նշանակութիւնը յանուն վերապրումի պայքարող հայութեան մէջ, շեշտելով, որ այդ հաւատքը մեծագոյն աղբիւրն է արիութեան, որմով հայութիւնը կը փայլի:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ մեծագոյն շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Մըրատին այս դասախօսութեան համար, որ կարեւոր բացայայտումներ կը կրէր ներկաներուն համար: Ան հաւաստիացուց, որ հայ ժողովուրդին պայքարը անկասելի է յանուն է իր իրաւունքներուն, վեր բերելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը՝ յանձնառու եւ գիտակից հայորդիներու պատրաստութեան մէջ: Պարոն Գալուստ այս առիթով դոկտ. Մըրատը պատուեց Մեսրոպեանի խորհրդանիշը կրող յուշանուէրով մը, որմէ ետք բոլոր ներկաները հաւաքուեցան Սուրբ Մեսրոպի արձանին առջեւ՝ յիշատակի լուսանկարի մը համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Մեսրոպեան Վարժարան
Մեսրոպեան Վարժարան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2024, 10:29