Որոնել

Էջմիածին Էջմիածին  (ANSA)

Էջմիածին կը զգուշացնէ, որ զիջումները կ՛օրինականացնեն Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ Պաքուի կեղծ պահանջատիրութիւնը

Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին՝ նշեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ վերջին շրջանի զարգացումները այլեւս կասկած չեն ձգեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի ամբողջականն հայաթափման եւ Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, տեղի տալով Ատրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներուն, կը պատրաստուին վերջինիս յանձնել Տաւուշի մարզէն տարածքներ՝ նախքան ենթադրուող սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:

Հայաստանի եպիսկոպոսները եւ թեմակալ առաջնորդները տարածեցին «Տաւուշի մարզից տարածքներ յանձնելու վերաբերեալ» յայտարարութիւն մը։ 

Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին՝ նշեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ վերջին շրջանի զարգացումները այլեւս կասկած չեն ձգեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի ամբողջականն հայաթափման եւ Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, տեղի տալով Ատրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներուն, կը պատրաստուին վերջինիս յանձնել Տաւուշի մարզէն տարածքներ՝ նախքան ենթադրուող սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:

«Պարտուողական այս մօտեցմամբ, տարածքային ցաւալի հերթական զիջումներով, ըստ էութեան, յաչս միջազգային հանրութեան լեգիտիմացւում (կ՛օրինականանան) են Հայաստանի տարածքների նկատմամբ Ադրբեջանի կեղծ պահանջատիրութիւնը եւ դատապարտելի յաւակնութիւնները։ Եկեղեցին միարժէքօրէն ողջունում է խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած բոլոր ողջամիտ ջանքերն ու գործընթացները: Անվիճարկելի է, որ միակողմանի զիջումներով «Խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու` Հայաստանի իշխանութիւնների որդեգրած քաղաքականութիւնը ոչ միայն անիրատեսական է, այլեւ աղէտաբեր: Հայրենի հողի շուրջ սակարկումները եւ չարդարացուած շարունակական զիջումները երբեք անվտանգային միջավայր չեն կարող ապահովել մեր ժողովրդի համար: Տեւական ու ամուր խաղաղութիւն հնարաւոր է կերտել ազգային արժանապատուութեան եւ իրաւունքների հանդէպ լիարժէք յարգանքի դրսեւորման եւ փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանման պայմաններում», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի եպիսկոպոսները եւ թեմակալ առաջնորդները կոչ ուղղեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն` «հրաժարուել պարտուողական գործելաոճից եւ ծառացած հիմնախնդիրների շուրջ բանակցութիւններում ընթացք չտալ պարտադրուող այնպիսի լուծումների, որոնք հայրենիքը կը կանգնեցնեն անվտանգային նոր մարտահրաւէրների առջեւ»:

«Կոչ ենք ուղղում նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային, քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններին, հայրենիքի ապագայով մտահոգ ազգի բոլոր զաւակներին այդ թւում եւ պետական պաշտօնատար անձանց` համախմբուել եւ համազգային միասնականութեամբ պաշտպանել ազգային-պետական մեր շահերը, ողջ ներուժով ներդրում բերել պետականութեան ամրապնդման ու բարօր, ապահով գալիքի կերտման գործում», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2024, 09:36