Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (7)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

《Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած...》

            Յովհաննէս Թումանեանի այս տեսլականով առաջնորդուած էր հայը` երբ Քէմալականները 1923_ին, մեզ մեր պապենական երկրէն` վերջնականապէս վտարեցին։

Փայլուն ապագայի հեռանկարը եւ մեր դատի արդարացիութեան հաւատքն էր, որ լուսաւորելով հայ սրտերը, վտարանդի մէջ անգամ ճամբայ հարթեց չընկրկելու եւ ուծացման վտանգին դէմ անգամ յաղթահարելու:

Հայրենասիրութեան ոգիով տոգորուած գաղթական հայու բոցավառ սիրտը` երբեք չվարանեցաւ իր վառ կրակը փոխանցելու՝ հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարը սերմանելու մատղաշ սերունդին մէջ: Քանի մը տասնեակ սրտերու բոցը բաւարար էր ջերմացնելու ամբողջ ազգի մը հոգին, քանի որ այդ ջերմութիւնը կու գար պատմութեան խորքէն, ընթանալու դէպի յաւերժութիւն:  

    Ուսումնասիրելով պատմութիւնը` կը  նկատենք` որ ինչքան դաւադիր նկրտումներ ունէր սուլթան Պայազիտ Ա., երբ ԺԵ. դարու վերջերը ան նուաճած էր հսկայական տարածքներ:

Երբ վերագծենք` Հայաստանի վարչական բաժանումները, համակուած անզուսպ կրակով`մեր երակներուն մէջ կը փոթորկի արիւնը:

Այդքան դաժանութիւններ ու դառնութիւններ, որոնք անսանձ հողմի նման զարնուեր էին հայոց լեռնաշխարհին:

Ուսումնասիրելով մատեաններու և օտար աղբիւրներու համրացած էջերը, անցեալի աննշմարելի թրթիռներ կը յայտնաբերենք, հարցերը մէկ առ մէկ բորբոքելով եւ համադրելով, բանական եզրայանգման կը հասնինք եւ ամբողջական պատկերացում կը կազմենք` Քէմալի կողմէ 1923_ին, մեզի հասցուած զարհուրելի վնասին:   

        Քարտէսագրողի հմուտ աչքերով` երբ փնտռենք հինի և նորի տիեզերական ուղեգիծը,  պատմութեան անցեալն ու մեր օրերու ընթացքը կը փորձենք համադրել, ի մի բերել, ժխտել ու հաւաստել, սակայն արդիւնքը զայրոյթի նոյն ակունքին  կը վերադառնայ, որ ԺԵ. դարու արիւնախում Պայազիտ Ա. ի գազանային բնազդը խօլական խշշոցով եկեր հասեր է 20-րդ դարավերջի խորամանկ Ալիեւին:

Օսման թուրքը` եղեր էր Երիտ Թուրք, ապա Քէմալ, իսկ հիմա դարձեր է ազերի, բայց բիժով աչքերու ճապաղ չռուածքը նոյնն է, մօտեցման մագիլները ուրիշ տեսակ են, սակայն նոյն մռութն է, նոյն խենէշ հայեացքն ու բորոտ ձեռքերը:

    Ապրումներու և զգացումներու միախառնումէն ծնած հայու վճիռը եղաւ այն, որ արիւնախում թուրքին դիմաց պէտք է խիզախ եւ դիւցազնական կեցուածք որդեգրել, որպէսզի թշնամին` այս պարագային Համիտներ, Իթթիհատականներ, Քէմալականներ, Ալիեւներ չուրախանան, թէ իրենց վայրագութիւնները մոռցուեցան, իսկ թշնամիին նոր սերունդը հասկնայ, որ Հայոց գեհէնն ու բարբարոսութիւնը անկարելի է անգամ մը եւս կրկնուի, որովհետև հասած է նոր ժամանակներ եւ նոր մարտնչողներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 08:54