Որոնել

Պոլսոյ մէջ. Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետերը մասնակից CHP -ի «Իֆթար»ի սեղանին Պոլսոյ մէջ. Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետերը մասնակից CHP -ի «Իֆթար»ի սեղանին 

Պոլսոյ մէջ. Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետերը մասնակից CHP -ի «Իֆթար»ի սեղանին

Ռամատանի սուրբ ամսուան առթիւ եղող ընթրիքին մասնակից դարձած են նաեւ համայնքային պատասխանատուներ եւ գործիչներ, որոնց շարքին Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչները։
Ունկնդրէ լուրը

Շիշլիի քաղաքապետութեան Ճէ-Հէ-Փէցի թեկնածու Ռեսիւլ Էմրահ Շահան երէկ Իֆթարի ճաշկերոյթ սարքեց փոքրամասնական համայնքներու կրօնական ներկայացուցիչներուն։ Ճաշը սարքուեցաւ Տէրվիշ Էրօղլու մշակոյթի կեդրոնին մէ։ Մասնակցեցան Ճէ-Հէ-Փէի Շիշլիի նահանգային ղեկավար Թամէր Էօզճանլը, Կէտիկփաշայի բողոքական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեան, յոյն, լատին, ասորի համայնքներէն հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ ալեւի համայնքէն ներկայացուցիչներ։

Ճաշկերոյթի ընթացքին քաղաքապետութեան թեկնածու Ռեսիւլ Էմրահ Շահան խօսեցաւ, շեշտը դնելով միասնութեան եւ համերաշխութեան վրայ, ըսաւ որ Շիշլիի մէջ այսօրուայ այս պատկերն է որ տեսնել կ'ուզեն ու ասոր համար պիտի աշխատին։ Ներկայիս բոլոր կրօնքներու հասարակաց նպատակներն են խաղաղութիւնը, արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ Հարիւրամեակներէն ի վեր նոյն սեղանները կը բաժնենք, նոյն փողոցներու, պողոտաներու, քաղաքներու մէջ ճակատագիր կը բաժնենք, ըսաւ թեկնածուն, ընդգծելով որ ուս ուսի, քով քովի պէտք է պայքարինք ի նպաստ բարօրութեան ու արդարութեան։

Հայ բողոքական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գրիգոր Աղապալօղլու նշեց որ ծոմը երկու իմաստ ունի. մէկը սեղանը բաժնելն է անոնց հետ, որոնք չեն կրնար սեղան սարքել, երկրորդը՝ հոգեւոր նշանակութիւնն է։ Եթէ հոգեւոր իմաստը անկարեւոր նկատենք, իմաստ չունի մինչեւ իրիկուն անօթի մնալ։ «Պէտք է ձեռք երկարենք անոնց, որոնք կարիքի մէջ են։ Խաղաղութիւն պէտք է բերենք անոնց, որոնք դժուարութիւններու մէջ են։ Պէտք է կերակրենք այն անձերը, որոնք սոված են։ Կարեւոր է ըլլալ մէկ ու միասնական։ Ուր միասնութիւն կայ, հոն համերաշխութիւնն ալ տիրական է», ըսաւ Վերապատուելին։

Իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին նաեւ այլ հոգեւորականներ։ Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան յոյս յայտնեց որ Իֆթարի սեղանները արգասաբեր կ'ըլլան ու Տիրոջ կողմէ ընդունելի կ'ըլլայ պահքն ու ծոմը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 08:47