Որոնել

Պոլսոյ հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարք եւ  Արհի. Տ. Լեւն արք. Զէքիեան Պոլսոյ հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարք եւ Արհի. Տ. Լեւն արք. Զէքիեան 

Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան Պոլսոյ Պատրիարքարան այցելեց

Հանդիպում Արհի. Տ. Լեւն արք. Զէքիեանին եւ Պոլսոյ հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին միջեւ։


Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Մարտ 2024, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, որուն կ՚ընկերանային՝ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Գրիգոր Ենալ Սուճու։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակի յիշատակութեանց ծիրէն ներս մշակելի դէպի Հռոմկլայ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։ Նաեւ խորհրդակցեցան տկար ըմբռնողութեան տէր ¤օթիսթիք_ տղոց դաստիարակութեան կապակցութեամբ Գրիգոր Ենալ Սուճուի առաջարկին մասին։ Գերապայծառ Տէրը, ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 08:20